Յարգանքի տուրք Արթուր Մկրտչեանի յիշատակին


Այսօր լրացաւ ԼՂՀ ԳԽ առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի մահուան 24-րդ տարելիցը:

Ստեփանակերտի յուշահամալիրիթն մէջ Արթուր Մկրտչեանի շիրմին յարգանքի տուրք մատուցելու եկած էին ԼՂՀ ԱԺ փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանը, Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ, ԱԺ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեանը, ԼՂՀ ԱԺ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներ, ԼՂՀ Էկոնոմիկայի փոխնախարար Սերգէյ Շահվերդեանը, ՀՕՄ-ուհիներ, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամներ, Արթուր Մկրտչեանի ընտանիքը եւ հարազատները:

1988-ի Փետրուար 12-ին Հադրութի հանրահաւաքով սկիզբ առաւ ղարաբաղեան ազգային ազատագրական շարժումը: Հանրահաւաքի մասնակիցները պահանջեցին Հայաստանի հետ Արցախի վերամիաւորումը: Հանրահաւաքի կազմակերպիչը Հադրութի երկրագիտական թանգարանի տնօրէն Արթուր Մկրտչեանն ու «Կռունկ» կոմիտէի իր գործակիցներն էին:

Արթուր Մկրտչեան ծնած է 1959 թուականի Փետրուարի 16-ին, Հադրութի շրջանի Էդիլլու (այժմ՝ Ուխտաձոր) գիւղին մէջ։ 1981 թուականին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան ֆակուլտետը: Աշխատած է Հայաստանի ազգագրութեան պետական թանգարանին մէջ։ 1983-1986 ուսումը շարունակած է Մոսկուայի Միկլուխոյ Մակլայի անուան ազգագրութեան համալսարանին մէջ։՚

1986 վերադարձած է հայրենիք եւ նշանակուած է Հադրութ շրջկեդրոնի պատմաերկրագիտական թանգարանի տնօրէն։ 1990 թուականին ներկայացուցած է բարձրագոյն ուսման իր աւարտաճառը «Լեռնային Ղարաբաղի հայերի հասարակական կենցաղը. 19-րդ դարի վերջ, 20-րդ դարի սկիզբ»։ ՚

1991 թուականի Դեկտեմբերին ընտրուած է Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր, 1992-ի Յունուարին՝ Գերագոյն խորհուրդի նախագահ։ Երբ սկսաւ Արցախեան շարժումը, ան դարձաւ շարժման առաջամարտիկներէն եւ դարձաւ Հադրութի ինքնապաշտպանութեան հրամանատարներէն մէկը։ 

1992-ի Ապրիլի 14-ին կնքեց իր մահկանացուն։ Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն խորհրդի, անկախ հանրապետութեան խորհրդարանի առաջին նախագահը, որ պաշտօնավարեց ընդամէնը 97 օր, դարձաւ Արցախի պետականութեան խորհրդանիշը։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.