Արցախին օժանդակելու Հայ Օգնութեան Միութեան կոչը


ԿՈՉ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

 Ի տես ներկայ անվստահելի

զինադուլէն ետք առկայ մտահոգիչ իրավիճակին,

ի տես թշնամի կրակոցներու թիրախ դարձած

կիսաքանդ գիւղերուն եւ աւաններուն, վիրաւոր

մարտիկներու եւ բնակիչներու եւ անոնց ցաւատանջ

հարազատներուն եւ Արցախի որբացած մանուկներուն՝

Հայ Օգնութեան Միութիւնը

անմիջական պարտաւորութիւնը կը զգայ դիմելու համայն

հայ ժողովուրդին, կոչ ուղղելով բոլորին` լծուելու բարեսիրական

ու մարդասիրական վսեմ աշխատանքի՝ ամոքելու համար  

անվերադարձ կորոստներու ցաւը՝ ի հետեւանք ազերի ոճրածին

հորդաներու աւազակաբարոյ արշաւանքին խաղաղ տարածքներու

անմեղ բնակիչներուն վրայ՝ քանդելով ու հրդեհելով

պապենական տուն եւ օճախ, այգի ու մարագ։

 

Կասկած չկայ, որ մեր սրբազան պարտականութիւնն է

օգնութեան ձեռք երկարել ամէն մէկ վիրաւոր մարտիկի եւ

անոնց հարազատներուն. ամէն մէկ անմեղ գեղջուկի

եւ անոնց ընտանիքներուն, ամէն մէկ ընտանիքի

որ այսօր պատսպարանէ զուրկ է։ Ժամն է

գթասիրտ, անսակարկ բարեգործութեան.

Որպէս մէ՛կ ազգ, յաւիտեա՛ն միացեալ։

Ձեր նուիրատուութիւնները կատարեցէք հոս՝

https://fundly.com/ars-support-for-artsakh

Կամ կապ հաստատեցէք ձեր շրջանի ՀՕՄ-ի միաւորին հետ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.