ՀՅԴ պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ Արցախի նախագահին


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».¬ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան 6 Ապրիլին ընդունած է ՀՅԴի պատուիրակութիւնը՝ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանտ Մարգարեանի գլխաւորութեամբ:

Պատուիրակութեան մաս կազմած են ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան եւ Ազգային Ժողովի Դաշնակցութեան խմբակցութեան անդամներ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան առնչուող հարցեր:

Յատուկ կերպով շեշտը դրուած է ղարաբաղեան¬ատրպէյճանական սահմանին վրայ 1-4 Ապրիլին հակառակորդին կողմէ սանձազերծուած պատերազմական լայնածիր գործողութիւններուն եւ անոնց իբրեւ հետեւանք տիրող կացութեան վրայ։

Նախագահ Սահակեան նշած է որ օրհասական պահուն ողջ հայ ժողովուրդը ցուցաբերած է օրինակելի միասնականութիւն՝ այս առումով կարեւոր նկատելով նաեւ քաղաքական ուժերուն դերակատարութիւնը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.