«75 միլիոն թուրքերու համար առանց մուտքի արտօնագիրի մուտք Եւրոպա»


Եւրոպական խորհդարանի անդամ‚ Բրիտանիոյ Անկախութիւն կուսակցութեան ղեկավար Նայճըլ Ֆարաժ 9 մարտին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Եւրոպական միութիւն-Թուրքիա 17-18 մարտի վեհաժողովի նախապատրաստութեան նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է. « Բոլորը կրնան գալ ըսելով վարչապետ Մերքելի (Գերմանիոյ վարչապետ «Հ») անցեալ տարի գործած պատմական սխալը ուղղակի կերպով առաջնորդեց այս վատ վիճակին‚ եւ այժմ Թուրքիոյ կողմ կ’ենթարկուինք շանթաժի։ Առաջին անգամ 3 միլիառի համար եկան՝ խոստանալով նուազեցնել Յունաստան եւ Եւրոպայի այլ շրջաններ եկող (գաղթանակններուն) թիւերը‚ սակայն երբ թիւերը բազապատկուեցան վերադարձան յաւելեալ երեք միլիառ ուզելու եւ պիտի շարունակեն աւելին‚ աւելին եւ աւելին ուզելու։ Ինչպէս բրիտանացի բանաստեղծ Ռուտիարտ Քիփլինկ Անգլիոյ մէջ դանիական ներթափանցումներուն մասին նշեց‚ «եւ այդ մէկը կը կոչուի դանիացիին ոստիկ վճառել եւ բազմաթիւ անգամ փաստած ենք‚ թէ անգամ մը որ դանիացիին ոսկի վճառես անկէ երբեք պիտի չձերբազատիս»։

«Այժմ մեզ նեղ կացութեան մատնած էք‚ այս նոր համաձայնութիւնը‚ որու համաձայն‚ վերադարձուող իւրաքանչիւր ապօրինի գաղթականի դիմաց‚ եթէ մեր մարդկային իրաւանց օրէնքները արտօնեն‚ անոնք մեզի Սուրիայէն մէկ ուրիշը պիտի ուղարկեն։ Ուստի փաստն այն է‚ որ անոնց մեծ գումար մը վճառած ենք թիւերը չնուազեցնելու համար եւ նոյն ատեն զիջած ենք ու խոստացած այս տարի 75 միլիոն թուրքերու համար առանց մուտքի արտօնագիրի մուտք (Եւրոպա)։

«Տեսականօրէն անոնք կրնան մնալ 90 օր‚ գործնականին մէջ շատեր պիտի անյայտանան կամ անշուշտ ընտանիքի վերամիացման վարկարծը պիտի օգտագործեն‚ թիւերը արագ կերպով պիտի աճին‚ արագօրէն պիտի աճին։ Եւ այս բոլորին փոխարեն պիտի արագացնենք Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան լիիրաւ անդամակցութիւնը։ Աստուած իմ‚ երանի Տէյվիտ Քամերոնը (Բրիտանիոյ վարչապետ «Հ») թուրքերուն չափ լաւ բանակցող մը ըլլար։

«Ուստի քաղաքական միութիւն պիտի կազմենք երկիրի մը հետ‚ որ սահմանակից է Իրաքի‚ Իրանի եւ Սուրիոյ։ Քաղաքական միութիւն պիտի կազմենք երկիրի մը հետ‚ որ Եւրոպական միութեան բոլոր երկիրներէն աւելի աղքատ է եւ ազատ շարժումի տեղ պիտի տրամադրենք 75 միլիոն մարդոց։ Եւ միանանք կառավարութեան մը‚ որ հետզհետէ աւելի իսլամական ու մենատիրական է։

«Թուրքիոյ վարչապետը այս շաբաթ ըսաւ‚ որ «թրքական անդամաակցութիւնը պիտի ըլլայ շրջդարձի կէտ մը»։ Շատ շիտակ է։ Բրիտանիոյ վարչապետը միշտ ալ աջակցած է Թուրքիոյ այս միութեան անդամակցութեան‚ իրողութեան մէջ ան 10 տարի շարունակ պայքարած է անոնց անդամակցութեան համար։ Ան աչք իսկ չի թարթեր այն 500 միլիոն սթերլինկ յաւելեալ գումարին համար‚ որ պիտի վճառենք այս ճգնաժամի ֆինանսաւորման համար։ Բրիտանիոյ մէջ այս հանրաքուէն (Եւրոպական միութեան անդամակցութեան շուրջ «Հ») ամէնէն ապահով ընտրանքին շուրջ չէ‚ եւ որովհետեւ «Եուրոփոլ»-ի ղեկավարը արդէն իսկ կ’ըսէ‚ թէ գոյութիւն ունին 3-էն 5 հազար իսլամական ահաբեկիչներ‚ որոնք Եւրոպա հասած են օգտագործելով գաղթականներու ճամբան‚ ինծի համար շատ յստակ է‚ թէ (Եւրոպական միութեան անդամ) մնալու ի նպաստ քուէն‚ Թուրքիոյ ի նպաստ քուէարկել է‚ անդամ մնալու քուէն դէպի Բրիտանիա գաղթի աճին ի նպաստ քուէարկել է‚ եւ մնալու ի նպաստ քուէն Բրիտանիան ահաբեկչութեան դիմաց աւելի խոցելի դարձնող քուէ մըն է։ Անդամակցութենէ դադրելու եւ մեր սահմաններուն վերահսկողութեան վերատիրանալու ի նպաստ քուէարկելը աւելի ապահով է»։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.