Սուրիոյ Ճըտէյտիէ գիւղին մէջ սպաննուած են հայ կին մը եւ իր ամուսինը
Սուրիոյ տագնապին եւ յատկապէս Հալէպի շրջափակումին հետեւանքով շատեր աւելի ապահով շրջաններ ապաստանեցան: Շրջակայքի գիւղացիներէն անոնք, որոնք Հալէպ տուն ունէին, ուր կ’անցըէին ձմեռը, ապա գիւղ կը վերադառնային ամրան, Հալէպի տագնապին սկիզբը արդէն հեռացան եւ ապաստանեցան իրենց գիւղերը: Իտլէպ նահանգի Ճըսըր Շըղուրի բախումներուն ընթացքին մօտակայ Եագուպիէ հայկական գիւղն ու Ղընէյէ եւ Ճըտէյտիէ քրիստոնեայ գիւղերը գրաւուեցան զինեալ խմբաւորումներու կողմէ, որուն հետեւանքով շատ քիչեր մնացին այդ գիւղերուն մէջ, ընդհանրապէս տարեցներ:
Ճըտէյտիէ գիւղին մէջ 12 Յունուար 2016-ին իրենց տան մէջ սպաննուած գտնուեցան Մարէն Մովսէս Խեչօն (ծնեալ 1949 թ.), որ Եագուպիէի հայ առաքելական համայնքին կը պատկանի, եւ իր ամուսինը՝ Ռըզգ Ալլա Ճըրճոս Հայէքը (ծնեալ 1944 թ.), որ Ճըտէյտիէ գիւղի քրիստոնեայ համայնքին կը պատկանի: Անոնց աղջիկը՝ Սեւանը կը պատմէ, թէ ծնողքը հեռացած էր Հալէպէն 20 Օգոստոս 2011-ին եւ ապստանած իրենց գիւղը: 11 Դեկտեմբեր 2012-ին գիւղը ամբողջութեամբ կը գրաւուի զինեալներու կողմէ, սկիզբը Ալ-Նուսրա խմբաւորումին անուամբ, ապա Շամի Ազատորդիներ անուանումով, ապա Տայէշի դրօշակները կը ծածանին գիւղին մէջ: Սեւանն ու իր ընտանիքը, որոնք Եագուպիէէն հեռանալով ապաստանած էին Քեսապ, յաճախ հեռաձայնով կը խնդրէին իրենցմէ, որ իրենք եւս թողեն գիւղը եւ ապաստանին Քեսապ, ուր աւելի ապահով պայմաններ կային: Ծնողքը կը մերժէր հեռանալ պապենական տունէն եւ հողէն:
Սեւան կը հաղորդէ, որ 1 Յունուար 2016-ին կը կտրուին հեռաձայնային կապերը, ապա գիւղին մէջ մնացած իրենց հարազատները կը փոխանցեն, թէ ծնողքը շաբաթէ մը ի վեր չեն երեւիր գիւղին մէջ: Սեւանին խնդրանքով տան դուռը կը ջախջախեն եւ ծերունիները սպաննուած կը գտնեն, կնկան կուրծքին մխրճուած դանակ մը եւ գլխուն ետեւ զօրաւոր հարուածի հետքեր կը տեսնուին, մինչ ամուսինը մորթուած: Հարազատները տան պարտէզին մէջ կը թաղեն ծերունիները, որոնց սպաննողները տակաւին անյայտ կը մնան: Սեւան կ’ըսէ, թէ «Իրենք սպաննուեցան եւ իրենց հետ տարին նաեւ սպաննութեան գաղտնիքը»…