Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած Կարէն Պետրոսեանի արուեստի գործերու ցուցահանդէսը


Գանատահայ կերպարուեստի վարպետ Կարէն Պետրոսեանի ստեղծագործական կեանքը անցած է ստեղծագործական տարբեր շրջաններէ եւ հոլովոյթներէ։ իր վերջին ստեղծագործործութիւնները մեղուի փեթակներ են (ըլլան անոնք քարակերտ, փայտաշէն կամ բնական՝ մոմաշէն), որոնց վերջնական ձեւաւորման մէջ մեղուները իրենց բաժինը կը բերեն։ Կարէնի արուեստի այս նորագոյն գործերուն մէջ նաեւ գերիշխող է Հայոց Ցեղասպանութեան թեման եւ գործերուն մեծ  բաժինը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին։

Պետրոսեանի «Քար եւ Մեղր» նկարչական գործերու եւ քանդակներու ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 2-ի յետմիջօրէի ժամը 2-6, Մոնթրէալի Galerie Eric Devlin-ի ցուցասրահին մէջ, հասցէ՝ 550 Avenue Beaumont.

Այս տաղանդաւոր կերպարուեստագէտը ծնած է 1952-ին։ Աւարտելէ ետք Երեւանի գեղարուեստի ուսումնարանը, կը մեկնի Լենինակրատ կատարելագործելու համար մասնագիտութիւնը տեղւոյն կերպարուեստի կաճառէն ներս։ Ցարդ մասնակցած է Արուեստի տպագրութեան եւ քանդակագործութեան քանի մը միջազգային մրցոյթներու Ճափոնի եւ Եւրոպայի մէջ։ Բացի Գանատայէն եւ Երեւանէն, անոր ստեղծագործութիւնները ցուցադրուած են նաեւ Եւրոպայի եւ ԱՄՆ-ի կարեւոր քաղաքներու մէջ եւ արժանացած ջերմ ընդունելութեան։

Կարէնի գործերէն 3 քանդակներ տեղադրուած են Երեւանի մէջ, որոնցմէ երկուքը Աբովեան փողոցին վրայ։

Արուեստի քննադատ արուեստաբան Մովսէս Ծիրանի հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ Կարէն Պետրոսեանի արուեստը. «Կարէնի արուեստին պարագային գլուխ գործոցը իր ենթագիտակից աշխարհն է, որ կը գործէ անհեթեթի եւ Գերիրապաշտութեան ոլորտներու վրայ։ Նոյնիսկ անոր վերարտադրած կտաւները մակարդուած կը թուին ըլլալ գերիրապաշտական տարբեր տեսակի հակումներուն։

Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Ապրիլ 30։

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.