Թուրքիոյ Վերջը Եկած Է, Եւ Ան Պիտի Կործանուի. Ժիրինովսքի


Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի Lenta.ru-ին տուած ծաւալուն հարցազրոյցի մը ընթացքին մեկնաբանած է նաեւ ներկայիս Թուրքիոյ պատկանող հայկական պատմական հողերը Հայաստանին վերադարձնելու մասին իր յայտարարութիւնը ու նշած, թէ ինչպէս կարելի է ատիկա իրականացնել եւ որքանով իրատեսական է, կը գրէ «Թերթ»-ը:

«Թող հայերը որոշեն: Ինչպէ՞ս քիւրտերը կը պայքարին իրենց պետութիւնը ստեղծելու համար: Զէնքը ձեռքին: Այդպէս ալ հայերը թող օգտագործեն դիւանագիտական, տնտեսական, քաղաքական կամ որեւէ այլ միջոցներ: Սակայն ի վերջոյ, անոնք ստիպուած պիտի ըլլան զէնքով վերադարձնելու իրենց հողերը»,-ըսած է ռուս գործիչը:

Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ Ռուսիան կրնա՞յ դիւանագիտօրէն աջակցիլ հայերուն, Ժիրինովսքին պատասխանած է.«Ի հարկէ կրնանք եւ՛ Հայաստանին աջակցիլ, եւ՛ քիւրտերուն, եւ՛ յոյներուն, եւ՛ պուլկարացիներուն, եւ՛ սուրիացիներուն: Անոնք բոլորը կ՛ատեն Թուրքիան: Թուրքիան շրջապատուած է հակառակորդներով. Արեւմուտքին մէջ պուլկարներն ու յոյներն են, արեւելքի մէջ` հայերն ու քիւրտերը, հարաւի մէջ` Սուրիան: Թուրքիոյ վերջը եկած է»,- ըսած է ան:

Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավարը նշած է, որ ատիկա տեղի պիտի ունենայ 5 կամ 10 տարիէն, բայց «ան ամէն պարագայի պիտի կործանի, եւ այլեւս ոչ մէկ դերակատարութիւն պիտի ունենայ»:

«Մեր կուսակցութիւնը յստակ դիրքորոշում ունի. աջակցիլ անկախ քրտական պետութեան ստեղծման: Քիւրտերը կը բնակին Թուրքիոյ, Սուրիոյ, Իրանի եւ Իրաքի մէջ: Ընդհանուր առմամբ, անոնք 40 միլիոն են, սակայն միայն մեր մօտ է այդ առաջարկը ծրագրային»,-ըսած է ան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.