Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութիւնը ձախողութեան մատնեց ատրպէյճանական ապատեղեկատուութեան փորձը


Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան ան­դամ­ներ, Հա­յաս­տա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու դրօ­շակ­նե­րով ու յու­նա­րէն լե­զո­ւով պաս­տառ­նե­րով, բո­ղո­քի հա­ւաք մը կա­տա­րե­ցին Եր­կու­շաբ­թի 22 Փետ­րո­ւա­րի կէ­սօ­րէ ետ­քը, Ա­թէն­քի «Ի­տէալ» շար­ժա­պատ­կե­րի սրա­հին առ­ջեւ, պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան պա­հանջ­քը բարձ­րա­ձայ­նե­լով, Խո­ջա­լո­ւի դէպ­քե­րու ա­զե­րիա­կան ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան դէմ։

Ցոյ­ցը կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ հա­կազ­դե­լու հա­մար Ա­թէն­քի «Ի­տէալ» շար­ժա­պատ­կե­րին մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նա­տան կող­մէ տե­ղի ու­նե­ցած Խո­ջա­լո­ւի դէպ­քե­րու մա­սին ժա­պա­ւէ­նի մը ցու­ցադ­րու­թեան, ներ­կա­յու­թեամբ Յու­նաս­տա­նի մօտ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նին։ Հա­կա­ռակ, որ հել­լէն մա­մու­լին մէջ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ եւ ծա­նու­ցում­ներ լոյս տե­սած էին այս ձեռ­նար­կին քա­րոզ­չու­թիւ­նը կա­տա­րե­լու նպա­տա­կով, այ­սու­հան­դերձ՝ հա­զիւ 7-8 տաս­նեակ մարդ (ա­նոնք ալ դես­պա­նա­տան շրջա­նակ­նե­րու մար­դիկ) ներ­կայ գտնո­ւե­ցան ժա­պա­ւէ­նի ցու­ցադ­րու­թեան։

Ինչ­պէս բա­ցա­յայտ է բո­լո­րին, ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը, ի գործ դրած է, տա­րին ան­գամ մը մի­ջո­ցառ­ման մը կազ­մա­կեր­պու­մը, իր բաշ­խած ա­ռատ գու­մար­նե­րու ճամ­բով, ո­րոնց շնոր­հիւ կը փոր­ձէ գնել լրագ­րող­ներ, քա­ղա­քա­կան կամք, «մաս­նա­գէտ» գի­տաշ­խա­տող­ներ, ու­սա­նող­ներ ե­ւայլն, Պա­քու հրա­ւի­րե­լով, ար­ձա­կուրդ­նե­րու եւ կրթա­թո­շակ­նե­րու ծախ­սեր հո­գա­լով եւ այլ մի­ջոց­նե­րով։

Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան ան­դամ­նե­րը, կա­նու­խէն վայր հա­սած էին եւ ան­ցորդ­նե­րուն կը բաժ­նէին Խո­ջա­լո­ւի դէպ­քե­րու ճշմար­տու­թիւ­նը բա­ցա­յայ­տող յատ­կա­պէս պատ­րաս­տո­ւած յու­նա­լե­զու պրակ մը։ Հել­լէն ոս­տի­կա­նու­թեան ու­ժե­րը սա­կայն,-ըստ ե­րե­ւոյ­թին նա­խա­պէս զգու­շա­ցո­ւած ըլ­լա­լով Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նու­թեան կող­մէ- ար­գելք հան­դի­սա­ցան ե­րի­տա­սար­դա­կան ցոյ­ցին, մեր ե­րի­տարդ­նե­րուն ստի­պե­լով հե­ռա­նալ շար­ժա­պատ­կե­րի մուտ­քին առ­ջե­ւէն։

Ա­նոնք սա­կայն, քիչ մը ան­դին քա­շո­ւե­լով, պար­զե­ցին դրօ­շակ­ներն ու պաս­տառ­նե­րը եւ խա­ղաղ բո­ղո­քը շա­րու­նա­կե­ցին, մեր­կաց­նե­լով թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան սու­տե­րը եւ վե­րա­հաս­տա­տե­լով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ար­դար դա­տին զօ­րակ­ցե­լու հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան յանձ­նա­ռու­թիւ­նը։ Յու­նաս­տա­նի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նա­տու­նը շատ լաւ հասկ­ցած է, թէ իր բո­լոր ձեռ­նարկ­նե­րը դա­տա­պար­տո­ւած են ձա­խո­ղե­լու, քա­նի որ ի­րենց առ­ջեւ պի­տի գտնո­ւի միշտ հա­յու­թիւ­նը՝ ար­դա­րու­թիւնն ու ճշմար­տու­թիւ­նը բարձ­րա­ձայ­նե­լու նպա­տա­կո­վ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.