Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Վերանորոգուած Մանկամսուրի Բացում
ՀՕՄի ամէնօրեայ վարժարանի մանկամսուրի դրութիւնը նորութիւն մը չէ: Ան արդէն կը գործէ երեք տարիներէ ի վեր: Վերջերս, սակայն, Օնթարիոյի կառավարութիւնը հրապարակեց օրէնք մը, որուն համաձայն Օնթարիոյի տարածքին գտնուող բոլոր մանկամսուրները պէտք է լրացնեն կառուցային կարգ մը պայմաններ:
Այս լաւ առիթ էր վարժարանին համար, որպէսզի սկսէր նորոգութեան եւ ընդլայնումի տարիներէ ի վեր ծրագրուած աշխատանքին:
Եւ այսպէս, 10 Փետրուար 2016ին, Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, ՀՕՄի Պապայեան Մանկապարտէզի, Գոլոլեան Նախակրթարանի եւ Երկրորդական Վարժարանի անձնակազմի, բարերարներու եւ ծնողներու ներկայութեամբ կատարուեցաւ բոլոր արդիական սարքաւորումներով օժտուած եւ կառավարական օրէնքներու բոլոր պայմանները լրացնող, վերանորոգուած եւ կառավարական ստուգումի ենթարկուած ու յաջողած ՀՕՄի «Ռուբինա» Մանկամսուրի բացումը:
Հանդիսութեան ընթացքին, խօսք առաւ Վարժարանի Կրթական Մարմինի ատենապետ՝ Սեւակ Քիւփէլեանը: Ան ներկայացուց մանկամսուրի շինարարական աշխատանքներու մանրամասնութիւնները, փուլերը եւ ծախսերը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք աշխատանքին մասնակից եղան անձամբ՝ ֆիզիքապէս եւ նուիրատուութեամբ: Ան նաեւ յայտնեց, որ Մանկամսուրը կþընդունի 18–48 ամսական երեխաներ հետեւեալ դասաւորումներով՝ Ծիլ՝ (18–30 ամսական), Կրտսեր Բողբոջ՝ (31–36 ամսական) եւ Երէց Բողբոջ՝ (37–48 ամսական): Նշենք, որ մանկամսուրի տարածքին համաձայն, մանկամսուրը իրաւունք ունի ընդունելու 74 երեխաներ:
Շնորհաւորական խօսքեր արտասանեցին ՀՅԴ «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէութեան հերթապահ՝ Յակոբ Ճանպազեան եւ ՀՕՄի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի ատենապետ՝ Արմիկ Սաֆարեան:
Ապա, Քիւփէլեան, Ճանպազեան, Սաֆարեան եւ վարժարանիս տնօրէն Տոքթ․ Արմէն Մարտիրոսեան հատեցին բացման ժապաւէնը եւ բացին ՀՕՄի «Ռուբինա» Մանկամսուր անունը կրող ցուցատախտակը: