Գըրգ Գրիգորեանի կտակած գումարներուն մէկ մասը կրնայ Հայաստանին յատկացուիլ


Ամերիկահայ միլիառատէր իրգ րիգորեանի կտակին մէջ Հայաստանը չի յիշատակուիր, սակայն կրնայ ըլլալ որ գումարներուն մէկ մասը նաեւ Հայաստանին տրամադրուի։

Գըրգ Գրիգորեան մահացած էր 2015-ի Յունիսին։ Իր մտերիմներէն Յարութ Սասունեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ մօտաւորապէս երկու միլիառ տոլարի ժառանգութիւնը պիտի տրամադրուի բարեգործական նպատակներու։ Սասունեանի կարծիքով, այդ գումարին մէկ մասը հաւանական է որ գործածուի Հայաստանի մէջ։

«Չի մանրամասներ թէ բարեսիրական ծրագիրները որոնք են, բայց գիտնալով իրգ րիգորեանի երկարամեայ նախասիրութիւնը, ես կասկած չունիմ որ իր կտակած գումարները պիտի յատկացուին նոյն ձեւով, այսինքն հայկական եւ ամերիկեան բարեսիրական հաստատութիւններուն, նշեց Սասունեան։

րիգորեան կտակին կառավարիչ մը նշանակած է, որ պէտք է որոշէ թէ գումարները ինչպէ՞ս պիտի բաշխուին։ Սասունեանի խօսքերով, կտակին կառավարիչը հայ չէ, սակայն երկար տարիներ աշխատած է րիգորեանի հետ։ «Կտակարարը պիտի կատարէ Գրիգորեանի փափաքը եւ հանգուցեալի փափաքն այն էր որ թէ՛ իր կեանքի եւ թէ՛ յետմահու իր բոլոր դրամները յատկացուին հայկական նպատակներու։ Միակ բանը. որ չենք իմանար, թէ յստակ ո՞ր անունով», շեշտեց Սասունեան։

Թէ ե՞րբ պիտի բաշխուի Գրիգորեանի ձգած ժառանգոթիւնը, Սասունեան չկրցաւ նշել, քանի որ այժմ դատարանին մէջ կարգ մը մարդիկ կը փորձեն կտակէն մաս ստանալ, պնդելով որ միլիառատիրոջ հարազատներ են այդ անձերը։ Երբ դատական գործընթացները աւարտին, այդ ժամանակ ալ կտակը պիտի բաշխուի։

Ան վերջացուց ըսելով որ եթէ Հայաստանին գումար յատկացուի, կարեւոր է հսկել թէ ինչպէս կը ծախսուի այդ գումարը. իրագործուելիք բոլոր ծրագիրները մանրամասն ստուգումներու պէտք է ենթարկուին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.