Թրքական բանակի 15 Հազարնոց զօրասիւն մը կեդրոնացած է Սուրիոյ սահմանին վրայ


Թուրքիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի (ԳՇ) կողմէ մշակուած «հաւանականութիւններու ծրագրաւորման» ծրագրի ծիրէն ներս Սուրիոյ հետ սահմանին 15 հազար զօրք տեղակայուած է:

Ըստ ermenihaber.am-ի՝ թրքական «Sondakika.com» լրատուական կայքը կը փոխանցէ, որ սահման ուղարկուած է նաեւ համապատասխան ռազմական սարքեր` «Fırtına» տեսակի հրանօթներ, հրասայլեր եւ հրետանային մարտկոցներ, որոնք տեղակայուած են սահմանագիծի վտանգաւոր հատուածներուն վրայ:

Կը նշուի, որ գլխաւոր շտապի կողմէ ծրագրուած է թուրք-սուրիական սահմանին ստեղծել մարդասիրական անվտանգութեան գօտի:

Հաշուի առնուած է նաեւ խաղաղ բնակչութեան գտնուելու վայրերուն մէջ Սուրիոյ քիւրտերու ջոկատներու` «Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժեր»-ու (ԺՊՈՒ-YPG) եւ ռուսական զօրքերու հետ թրքական բանակի ստորաբաժանումներու հնարաւոր բախման սենարը: Այդ պարագային օրակարգ պիտի բերուի «թռիչքներու համար արգիլուած գօտի» յայտարարելը, որուն, ըստ թրքական կողմին, կ՛աջակցի Գերմանիան:

Կը նշուի, որ Սուրիոյ Ազազ շրջանէն ու Հալէպէն դէպի Թուրքիոյ սահման փախստականներու զանգուածային հոսքի պարագային թրքական ստորաբաժանումները պիտի անցնին սահմանը ու պիտի տեղակայուին սահմանի հակառակ կողմը` ստանձնելով վահանի դեր:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ սահմանին տեղակայուած ստորաբաժանումները բերուած են մարտական պատրաստականութեան բարձր աստիճանի եւ կը սպասեն Անգարայի հրահանգներուն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.