Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար նշանակուեցաւ Գէորգի Կուտոեան
Փետրուար 12-ին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանով պաշտօնէ ազատուած է ՀՀ կառավարութեան առընթեր ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն Գորիկ Յակոբեանը։ Այլ հրամանով ԱԱԾ ղեկավար նշանակուած է Հայաստանի գլխաւոր դատախազի տեղակալ Գէորգի Կուտոեանը։
Գէորգի Կարէն Կուտոյեան (կենսագրական տուեալներ)
Ծնած է 1981-ի Սեպտեմբեր 30-ին, Երեւան:
2002-ին գերազանցութեամբ աւարտած է Ռուսիոյ Ռոստովի պետական համալսարանի իրաւագիտութեան բաժանմունքը:
2005-ին աւարտած է Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի փիլիսոփայութեան եւ իրաւունքի հիմնարկի ասպիրանտուրան, պաշտպանած է թեկնածուական ատենախօսութիւն «1950-ի Մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու մասին համաձայնագիրը Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային իրաւական համակարգին մէջ (սահմանադրաիրաւական հետազօտութիւն)» թեմայով եւ ստացած իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճան:
2007-ին աւարտած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ֆլեթչըրի իրաւունքի եւ դիւանագիտութեան դպրոցը (Թաֆթս համալսարան):
2002-2010 թուականներուն դասաւանդած է Հայ-ռուսական (Սլաւոնական) համալսարանին, Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառավարման ակադեմիայի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի մէջ:
2005-2006 թուականներուն աշխատած է Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազութեան մէջ, նախ` որպէս գիտաուսումնական կեդրոնի գիտական աշխատող, ապա` իրաւական եւ կառուցուածքային բարեփոխումներու բաժնի դատախազ:
2006-2007 թուականներուն աշխատած է Հայաստանի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին մէջ` իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աւագ խորհրդական, իսկ 2008-2010 թուակակններուն` որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի գլխաւոր իրաւախորհրդատու:
2008-ին ստացած է փաստաբանական գործունէութեան արտօնագիր, 2010-2011 թուականներուն զբաղած է մասնաւոր փաստաբանական գործունէութեամբ:
2011-2016 թուականներուն զբաղեցուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի օգնականի պաշտօնը:
2011-2014 թուականներուն եղած է ՀՀ Նախագահի հրամանագիրով ստեղծուած Փտածութեան դէմ պայքարի խորհուրդին առընթեր հակափտածութեան ռազմավարութեան իրականացման հսկող յանձնաժողովի նախագահը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2013-ի Ապրիլ 17-ի հրամանագիրով պարգեւատրուած է Մխիթար Գօշի մետալով:
1998-2000 թուականներուն զինուորական ուսուցում անցած է Ռուսիոյ Ռոստովի պետական համալսարանի ռազմական պատրաստութեան բաժանմունքի մէջ` պահեստի սպաներու պատրաստման ծրագիրով:
Արդարադատութեան առաջին դասի խորհրդական է:
Օտար լեզուներու իմացութիւն` ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն:
Ամուսնացած է, ունի մէկ որդի: