Ռուսիոյ Բանակի Հարաւային Ռազմական Շրջանը Դրուած Է Մարտական «Պատրաստ» վիճակի մէջ


Փետրուարի 8-ի առաւօտեան, Ռուսիոյ զինեալ ուժերու հարաւային ռազմական շրջանի միաւորները դրուած են մարտական պատրաստութեան «լրիւ» աստիճանի՝ Ռուսիոյ զինեալ ուժերու հարաւարեւմտեան ռազմավարական ուղղութեան մարտունակութեան յանկարծակի ստուգման նպատակով։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն։
 
Առաւօտեան ժամը հինգին Ռուսիոյ նախագահի որոշումով մարտական պատրաստութեան աստիճանի մէջ դրուած են ոչ միայն հարաւային ռազմական շրջանի, այլ նաեւ՝ Ռուսիոյ զինեալ ուժերու օդուժի անկարգելաւոր ուժերու եւ ռազմական փոխադրութեան օդուժի առանձին ստորաբաժանումներ։
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարի խօսքով՝ ռազմափորձի ընթացքին պիտի կատարելագործուին ռազմական շրջանի բոլոր գործողութիւնները, ներառեալ օդուժի եւ հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումներու կողմէ ռազմական եւ պետական կարեւոր կեդրոններու պաշտպանութիւնը՝ հակառակորդի օդային յարձակման պարագային, ինչպէս նաեւ զօրքերու պատրաստութիւնը՝ հակաահաբեկչական գործողութիւններուն մէջ եւ պատահական աղէտներու հետեւանքներու վերացման գործին մէջ։
 
Նշենք, որ Ռուսիոյ զինեալ ուժերու հարաւային ռազմական բաժանմունքի կազմին մէջ կը մտնեն Կովկասի մէջ եւ ատկէ աւելի հիւսիս ինկած տարածքին մէջ տեղակայուած Ռուսիոյ զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները, ինչպէս նաեւ կասպեան եւ սեւծովեան նաւատորմիղները, Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական 102-րդ ռազմակայանը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.