Ուրֆայի հայկական որբանոցը առեւտրական կեդրոնի կը վերածուի
1086
0
Թուրքիոյ Շանլըուրֆա (Ուրֆա) քաղաքին մէջ գտնվող «Դելիլլեր հան» շինութիւնը, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք ծառայած է որպէս հայկական որբանոց, տեղական իշխանութիւններուն կողմէ պիտի վերածուի առևտուրի կեդրոնի:
Ըստ թրքական «Evrensel» թերթի կայքէջին` «Դելիլլեր հանը» ցեղասպանության ընթացքին որպէս տարագրուող հայկական կարաւաններու համակեդրոնացման ճամբար ծառայած է, ապա վերածուած է որբանոցի: Ուրֆայի այս որբանոցին մէջ ապաստանած են բազմաթիւ հայ երեխաներ, որոնց համար բռնագաղթի ճանապարհին վերջին «կանգառ» դարձած էր Ուրֆան:
Նոյն աղբիւրը կը յիշեցնէ նաեւ, որ 1950-ական թուականներուն Ուրֆայի բնակչութեան աւելի քան 50 տոկոսը քրիստոնեայ եղած է, սակայն հանրապետական Թուրքիոյ կիրառած քաղաքականութեան հետևանքով քրիստոնեայ բնակչութիւնը Հեռացած: