2016-ի յունուարին սպաննուած են 98 թուրք զինուորականներ, կը յայտնէ ANF News


Ըստ քրտական ANF News լրատուական գործակալութեան 2016-ի յունուար ամսուան ընթացքին Քրտական Աշխտաւորական Կուսակցութեան (PKK) զինեալները սպաննած են 98 թուրք զինուորներ եւ ոստիկաններ:

 Միւս կողմէ, Փետրուար 4-ին, Թրքական բանակը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ 2015-ի դեկտեմբերէն մինչ 2016-ի փետրուարի 3-ը թրքական բանակը սպաննած է PKK-ի 526 զինեալներ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.