Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած համերգ Մոնթրէալի մէջ


19 Դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Մոնթրէալի Սէն Լորան եկեղեցւոյ մէջ կայացաւ հայ երկու մեծատաղանդ արուեստագէտներու համերգը: Հռչակաւոր սոփրանօ Յասմիկ Պապեանի եւ համբաւաւոր դաշնակահար Աւօ Գույումճեանի միատեղ ելոյթը այս անգամ եկաւ ընդգծելու հայ ժողովուրդի ստեղծագործ ուժն ու անմեռ ոգին: Համերգի առաջին բաժնով, արուեստագէտները կատարեցին հատուածներ Մոցարթէն, Հանտելէն, Պրամզէն, Փուչինիէն եւ Վերտիէն, իսկ երկրորդ բաժինը ամբողջութեամբ կը բաղկանար հայկական ստեղծագործութիւններէ: Մանսուրեանի եւ Բաբաջանեանի գործերու մեկնաբանութիւններէն ետք, համերգը իր լրումին հասաւ Կոմիտասի անմահ երկերով: «Գարուն ա», «Ծիրանի ծառ» եւ «Կռունկ» հնչեցնելէ ետք, Յասմիկ Պապեան երեկոն իր գագաթնակէտին հասցուց իր անզուգագական «Օրօր»ով եւ «Կիլիկիա»ով:

Երեք հարիւրէ աւելի ներկաները միահամուռ ձայնակցեցան երգչուհիին իր վերջին կատարման ընթացքին: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.