Արարատի Քիւրտ Քաղաքապետը Բանտարկութեան Կը Դատապարտուի


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ներ-կայիս Թուրքիոյ սահմաններէն ներս գտնուող Արարատի (Աղրի) քիւրտ քաղաքապետ Սըրրը Սաքըք դատապարտուած է մէկ տարի 8 ամսուան բանտարկութեան, քաղաքացիի մը զէնքով սպառնալու եւ «ահաբեկչական կազմակերպութիւններ գովելու» անհիմն ամբաստանութիւններուն համար:

Թրքական «Պիրկիւն» կայքը գրած է, թէ այլախոհ քիւրտ այս քաղաքապետին փաստաբանը դատարանին մէջ շեշտած է, թէ քաղաքապետին դէմ որեւէ ապացոյց չկայ։

Դատարանը որոշած է յետաձգել պատիժի կիրառումը, սակայն քաղաքապետը պարտաւոր է 5 տարի մնալ իրաւապահներու հսկողութեան տակ:
Նշենք, որ Սաքըք քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան շարքերէն՝ Օճալանի հետ կատարուած բանակցութիւններու գլխաւոր մասնակիցներէն մէկն էր։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.