104-ամեայ մուսալեռցի վերապրող Խոսրով Ֆրանգեան


լուսանկարը՝ Իննա Մխիթարեանի

Կ’ուղուիմ Սուրբ Էջմիածին՝ զրուցելու 104-ամեայ նշխարի, մասունքի մը՝ Խոսրով Ֆրանգեանի հետ: Տան դռները լայն բացուած են, միջանցքին նստած ծերունին վճիտ, պարզ հայեացքով եւ անթաքոյց ուրախութեամբ կը դիմաւորէ մեզ. ակամայ կը յուզուիմ, կարծես կը տեսնեմ մանուկ մը, որ անհամբեր կը սպասէ հիւրերուն ժամանումին:

– Խոսրո՛վ պապիկ, Դուք մուսալեռցի էք, ձեր ծննդավայր Քապուսիէն կը յիշէ՞ք:

-Ինչպէ՜ս չեմ յիշեր… Միջերկրական ծովու ափին էր Քապուսիէն: Շերամագործութեամբ կը զբաղէինք. ծովը 500 մեթրի վրայ էր, ջուրը շատ աղի էր, կ’իջնէինք, կը լողայինք, նորէն գործի կ’երթայինք: 1915-ին թուրքերը յարձակեցան Մուսա լերան վրայ: Մեր գիւղի կէսը փախաւ քրիստոնեայ արաբներու մօտ, կէսը լեռը բարձրացաւ: Ես 4-5 տարեկան էի, հայրս զիս ուսին դրաւ ու գացինք: Մէկ ճանապարհ կար դէպի լեռ: Թուրքերը լաւ զինուած էին, մերիններն ալ զինուած էին, նաեւ վերէն ժայռերու մեծ կտորներ կը գլորէին թուրքերուն վրայ, 20-30 հոգի կը ջարդէին կամ փախուստի կը մատնէին: Մերինները գիշերները կրակ կը վառէին, որ մեզի տեսնէին, օգնէին: Օրեր ետք նաւ մը եկաւ, մեզի տարին Պոր Սայիտ, յետոյ տարին բաժնեցին տարբեր գիւղեր: Չեմ յիշեր՝ 6 ամիս, կամ՝ մէկ տարի մնացինք, ըսին, որ այլեւս Մուսա լերան մէջ թուրքեր չկան, կրնանք մեր տուները երթալ: Ես փոքր էի, հարցուցի, թէ հօրեղբայրս ո՛ւր է, ըսին, որ թուրքը զինք մորթած է: Վերջը գացինք մեր գիւղը՝ Քապուսիէ ու մնացինք մինչեւ 1939 թուականը… Բայց թուրքը հայու հետ կը հաշտուի՞. կացինով մեր հայ տղուն չզարկի՞ն (Խոսրով հայրիկը նկատի ունէր Գուրգէն Մարգարեանը): Իջանք ծովափ, մէկ գիշեր մնացինք, որ մեր իրերը Սուրիա տանին. թուրքը նորէն կու գար: Վերը ծովն էր, այն կողմն ալ Սուրիան էր, Քեսապը: Անտիոքի մէջ խորունկ գետ մը կար, փոքր նաւ մը եկաւ, բարձեց մեր իրերը, գացինք:

Օր մը հօրս ըսի, որ ես Պէյրութ պիտի երթամ, արդէն 17-18 տարեկան էի: Այնճարի մէջ ֆրանսացիները իւրաքանչիւր ընտանիքի համար տուն կը կառուցէին, եւ ամէն տունէ մէկ հոգի կ’աշխատէր: Տուներու շինարարութիւնը աւարտեցինք. ամէն մէկուս մէկ սենեակ տուին, դիմացը՝ պէտքարան եւ հողամաս: Ըսին մի քանի տարի մնացէք:

-Եր՞բ ամուսնացաք, ո՞ւր գտաք Ձեր կինը:

-1945 թուականին, երբ պատերազմը վերջացաւ: Ես Դամասկոս էի, ըսի, որ 5 օր տուն երթամ, ամուսնանամ: Ամուսնացայ մուսալեռցի մեր դրացիին աղջկան՝ Նեկտարին հետ: Ամէն ինչ վերջացուցի ու նորէն գացի աշխատանքի:

-Խոսրո՛վ պապիկ, Նեկտարը գեցեղի՞կ էր

Հըըը՜մ, նեկտա՛ր էր, նեկտար… Նկարը բե՛ր, Վարդուհի՛, թող տեսնե՛ն (Վարդուհին աղջիկն է): Նեկտարը ինծի համար միլիոններ կ’արժէր: Չորս երեխայ բերաւ ինծի համար: Մեծ աղջիկս Պէյրութ ծնած է, տղաս, որ հիմա Մոսկուա կը մնայ, Էջմիածին ծնած է, միւս երկուքը՝ Սիպիր:

-Եր՞բ եկաք Հայաստան:

-1947-ին եկանք Հայաստան եւ ապրեցանք Էջմիածինի 3-րդ սովխոզի մէջ, յետոյ Սիպիր աքսորեցին: -60 աստիճան ցուրտ էր, շատ դժուար էր: Մենք թուրքէն ազատեցանք, ըսինք կը մեռնինք, բայց թուրքի բաժին չենք դառնար: Պայքարեցանք ու յաղթեցինք, բայց եկանք Հայաստան, մեզի Սիպիր քշեցին՝ սառնամանիքի երկիր: Յետոյ եկանք Էջմիածին:

-Ինչո՞վ կը զբաղէիք, ի՞նչ աշխատանքով:

-Այգեգործութեամբ զբաղած եմ, շերամագործութեամբ, կը փոշոտէի:

-Յետագային Ձեր ծննդավայրը գացա՞ծ էք, քիչ մը պատմեցէք Ձեր գիւղին մասին:

-Չէ՜, չեմ գացած: Քապուսիէն շատ գեղեցիկ էր, ծովին մօտ էր, հողամաս ունէինք, տեսակ-տեսակ պտուղներ կ’աճէին՝ թութ, թուզ, խաղող, ինկի տունիա (նոր աշխարհ): Ամէն ինչ կար, ո՛չ կը ջրէինք, ո՛չ դեղ կը փչէինք… Շերամ կը պահէինք, տերեւները մանր-մանր կը կտրտէինք, կ’ուտէին, բոժոժէն մետաքս կը հանէինք, թելերը՝ այսպէս երկա՜ր-երկար… այդ էր մեր ապրուստը:

-Մուսա լերան բարբառը չէ՞ք մոռցած

-Չէ՜, աղջիկս ալ գիտէ, թոռնիկս ալ, թոռնիկս ազատամարտիկ եղած է: Երգե՞մ մեր բարբառով…

«Հալա, հալա նինո՜յ է…

Աղջիկ, անունդ Շուշան,

Հալա, հալա նինո՜յ է…»

Շատ երկար երգ է…

Մուսա լերան աղջիկները գեղեցի՞կ էին:

-Չտեսնուա՜ծ…

-Քանի՞ թոռնիկ ու ծոռ ունիք:

-Չեմ յիշեր… Հա՜, 7 թոռնիկ ունիմ, Ֆրանգեան Արիս՝ տղաս, մէկ աղջիկ, մէկ տղայ ունի, տղան բժիշկ է Ամերիկայի մէջ: Այստեղ ալ բժիշկ կ’աշխատէր, ինծի կ’օգնէ այնտեղէն:

-Եթէ Ամերիկա տանին, կ’երթա՞ս, թէ՞ Հայաստանի մէջ ապրիլը լաւ է:

-Է՜… Երթամ, ի՞նչ ընեմ. ո՛չ լեզու գիտեմ, ո՛չ բան: Եթէ Հայաստանի մէջ լաւ ապրիս, լաւ է: Հայաստան, քու ծնած տեղդ ամենէն լաւն է: Ես այդպէս գիտեմ, որ մարդու ծնած տեղը ամենալաւն է, իմս՝ Քապուսիէն է:

-Խոսրո՛վ հայրիկ, թուրքը մեր հողերը կու տա՞յ

-Ես կ’ըսեմ կու տայ, բայց մենք չենք հաւատար. ո՛չ դուն կը հաւատաս, ո՛չ մէկը, գիտե՞ս ինչու, որովհետեւ այսօր այո՛ կ’ըսեն, վաղը՝ ոչ: Ես վստահ չեմ. թուրքը կը մնայ թուրք, տեսա՞ր Սաֆարովը կացինով ինչպէս սպաննեց մեր տղան: Թուրքը կ’ըսէ՝ դուք փաստաթուղթ ունի՞ք, ապրեցէք, ես ձեզի աւելի լաւ կը նայիմ, քան Հայաստանը: Կ’ուզեն ճակատիս կիւլլեն, ես թուրքին չեմ հաւատար, թուրքը՝ վա՜յ, վա՜յ… (Խոսրով պապիկը ձեռքով կը բռնէ ու թափ կու տայ օձիքը): Թուրքը քեզի փըշի-փըշի կ’ընէ, բայց ձեռքը իյնաս, գիտե՞ս ինչ կ’ընէ…

-Ին՞չ լեզուներ գիտէք, պապի՜կ:

-Արաբերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, բայց մոռցած եմ. կ’ուզե՞ս երգեմ արաբերէն, ֆրանսերէն… ո՞ր մէկը կ’ուզես (կ’երգէ արաբերէն, ֆրանսերէն, վերջն ալ՝ ռիթմը կը պահէ՝ րամ-պա-պա՛, րամ-պա-պա՛):

-Խոսրո՛վ պապիկ, ի՞նչ է ձեր երկար ապրելու գաղտնիքը:

-Ասիկա բախտս է, նաեւ զիս լաւ կը պահեն: Փա՛ռք Աստուծոյ: Ես գոհ եմ բոլորէն: Մինչեւ այս տարիքիս երեխաներս, թոռնիկներս, ոեւէ մէկը ինծի պատասխան չէ տուած: Կը լսեն ու կը յարգեն զիս: Այս թոռնիկս գիշեր-ցերեկ զիս կը պահէ, «չէ» բառը չեմ լսած իրմէ: Շատ գոհ եմ Առողջապահութեան նախարարութենէն, մեր քաղաքապետ Կարէն Գրիգորեանէն:

-Ձեր ողջ կեանքի ընթացքին ծխա՞ծ , խմա՞ծ էք:

-Չէ՜… Ծխելը թոքերուն վնաս է. չծխողը երկար կ’ապրի, ուրախ կեանք կ’ունենայ, ուրախ կը մնայ: Արաղը առաւօտ մէկ բաժակ խմելը վնաս չէ:

-Խոսրո՛վ պապիկ, մէկ դարէ աւելի ապրած էք, իմաստուն մարդ էք. ի՞նչ է կեանքի ամենաթանկ բանը:

-Ընտանի՛քը, աղջի՛կս, ընտանիքն է շատ թանկ:

-Հայերուն ու Հայաստանին ի՞նչ կը ցանկաք:

-Առողջութիւն: Թող աշխարհի մէջ պատերազմ չըլլայ, եւ բոլոր հայերը ուրախ ապրին: Հայաստանը հոյակապ տեղ է:

Կարինէ Աւագեան,

Արեւմտահայերէնի վերածեց Նայիրի Մկրտիչեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.