Կռփամարտ. 2 Հայ Աղջիկներ Դարձան Միջազգային Մրցաշարքի Յաղթողներ


Շուէտի Պուրոս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «ոսկիէ աղջիկներ» կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին Հայաստանը կը ներկայացնէին Աշխէն Յովհաննիսեան (60 քկ) եւ Աննա Յովհաննիսեան (64 քկ), կը յայտնէ ArmSport.am:

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքին համաձայն, հայ մարզիկները երկուքական յաղթանակ արձանագրելով իրենց դասակարգերուն մէջ, դարձան մրցաշարքի յաղթողներ:

Նշենք, որ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 12 երկիրներու 230 ներկայացուցիչներ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.