«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը 2015-ին 648,920 տոլարի օժանդակութիւն տրամադրած է Լիբանանի հայկական վարժարաններուն եւ ուսանողներու


ԼԻԶՊՈՆ.- «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարուան ընթացքին 648,920 տոլարի օժանդակութիւն տրամադրած է Լիբանանի հայկական վարժարաններու, լիբանանահայ ուսանողներու, ինչպէս նաեւ՝ կրթական այլ նախաձեռնութեանց։

Նշեալ գումարէն 454,817 տոլարը տրամադրուած է նախակրթական, երկրորդական եւ յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներու վարժարաններու, ինչպէս նաեւ՝ որբանոցներու։

Նաեւ, 93,027 տոլարի կրթանպաստներ յատկացուած են լիբանանահայ համալսարանական ուսանողներու, իսկ 101,076 տոլար՝ հրատարակութեանց, հայերէնի ուսուցման ծրագիրներու եւ կրթական այլ նախաձեռնութիւններու։

Ասոնց կողքին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը 185,000 տոլար նուիրած է Սուրիոյ տարածքին գործող 28 հայկական նախակրթական եւ երկրորդական վարժարաններու։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.