Գոլոմպիայի համալսարանի հետազօտողները կը հաստատեն Թուրքիոյ կապը Իսլամական Պետութեան հետ
Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ Թուրքիոյ հետազօտողներէն կազմուած Գոլոմպիայի համալսարանի խումբը անցեալ շաբաթ հաստատեց, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը Իսլամական Պետութեան (Ի.Պ.) տրամադրած է ռազմական գործակցութիւն, զէնք, կազմակերպչական աջակցութիւն, նիւթական օգնութիւն եւ բժշկական
ծառայութիւններ: Այս մանրակրկիտ հետաքննութիւնը գլխաւորած է Գոլոմպիա համալսարանի Մարդու Իրաւունքներու Ուսումնասիրութեան Հիմնարկի Խաղաղութեան Ամրապնդման եւ Իրաւունքներու ծրագրի տնօրէն Տէյվիտ Ֆիլիփս: Ան աշխատած էր իբրեւ աւագ խորհրդական եւ արտաքին գործերու գծով փորձագէտ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան համար։
Ահա՛ այդ ծաւալուն հետազօտութենէն հատուածներ, որոնք կը փաստեն Թուրքիոյ եւ Իսլամական Պետութեան միջեւ եղած ուղղակի կապերը.-
1) Թուրքիա Ի.Պ.ին մատակարարած է զինամթերք
2014 թուականի Օգոստոս 12ին, Ի.Պ.ի հրամանատարներէն մէկը ըսաւ «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթին.- «Զինեալներու մեծ մասը, որ մեզ միացած էր պատերազմի սկիզբը, եկած էր Թուրքիոյ տարածքով, այդ նոյն ճանապարհով կուգային նաեւ սարքերն ու զինամթերքը»:
Թուրքիոյ Հանրապետական Ժողովրդական կուսակցութեան (CHP) առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլու, 2014ի Հոկտեմբեր 14ին, Ատանայի դատախազութեան մօտ յայտնաբերեց փաստաթուղթեր, որոնք կը բացայայտէին, թէ Թուրքիա զէնք մատակարարած է զինեալ խումբերու:
Ան նաեւ ներկայացուց հարցազրոյցներու արձանագրութիւնները բեռնատարներու վարորդներու հետ, որոնք զէնք հասցուցած էին զինեալներուն:
Ըստ CHPի փոխ-նախագահ Պիւլենթ Թեզճանի` 2014ի Յունուար 19ին թուրք գործակալները հրթիռներով, զէնքերով ու զինամթերքով բեռնուած երեք բեռնատար հասցուցած էին Ի.Պ.ին, Սուրիոյ մէջ:
«Ճումհիւրիյէթ» թերթը մէջբերած է Ֆուաթ Աւնին՝ յայտարարելով, որ Գերմանիա եւ Միացեալ Նահանգներ ունէին ձայնագրութիւններ, որոնք կը հաստատէին, թէ Թուրքիա նիւթական եւ ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերած է Ալ Քայիտայի կապուած զինեալ խումբերուն, 2014 թուի Հոկտեմբեր 12ին:
2014ի Սեպտեմբեր 27ին հրապարակուած փաստաթուղթերէն պարզուեցաւ, որ Սէուտական Արաբիոյ արքայազն Պանտար պըն Սուլթանը նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերած է՝ Ի.Պ.ի համար զէնքի տեղափոխման Թուրքիոյ տարածքով:
2) Թուրքիա նիւթական եւ ճարտարագիտական աջակցութիւն ցուցաբերած է Ի.Պ.ի զինեալներուն
Ըստ «Ռատիգալ» թերթի 2014ի Յունիս 13ի յօդուածին` Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Մուամար Կիւլեր հրապարակած է հետեւեալ հրահանգը.- «Հաթայը ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող վայր է մուճահետներու համար, որոնք հատելով մեր սահմանը կ՝անցնին Սուրիա: Կ’աւելացուի նիւթական եւ ճարտարագիտական աջակցութիւնը իսլամական խմբաւորումներուն, իսկ անոնց մարզումը, հիւանդանոցային խնամքը ու անվտանգ անցումը տեղի կ’ունենայ յատկապէս Հաթայի մէջ»:
«Տէյլի Մէյլ» 2014ի Օգոստոս 25ին հաղորդած է, որ բազմաթիւ օտարերկրեայ զինեալներ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ միացած էին Ի.Պ.ին՝ անցնելով Թուրքիոյ տարածքով:
Բրիտանական «Սքայ Նիւզ» ձեռք բերաւ փաստաթուղթեր, ըստ որոնց Թուրքիոյ կառավարութիւնը կնքած է օտարերկրեայ զինեալներու անցագրերը, որոնք կը փափաքէին թրքական սահմանով անցնիլ Սուրիա` միանալու Ի.Պ.ին:
2014ի Հոկտեմբեր 9ին Եգիպտոսի բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը նշած է, որ Թուրքիոյ հետախուզութիւնը Ի.Պ.ին փոխանցած է արբանեակային պատկերներ եւ այլ տուեալներ:
3) Թուրքիա կը մարզէ Ի.Պ.ի զինեալները
2014ի Յուլիս 29ին CNN Turk հաղորդեց, որ Պոլսոյ սրտին մէջ գտնուող Տուզչէ եւ Ատապազարի բնակավայրերը դարձած են հաւաքատեղի ահաբեկիչներու համար:
Թուրքերուն, որոնք միացած էին Ի.Պ.ի մասնաճիւղին, ցուցադրեցին 2014ի Յուլիս 28ին Պոլսոյ մէջ կայացած հանրահաւաքին:
Տեսահոլովակներէն մէկուն մէջ ցուցադրած էին Ի.Պ.ի մասնաճիւղի իրականացուցած աղօթք-հաւաքը Պոլսոյ Օմեռլի թաղամասին մէջ:
Ըստ Յորդանանի հետախուզութեան` Թուրքիա կը մարզէ Ի.Պ.ի զինեալները յատուկ գործողութիւններու համար:
4) Թուրքիա բժշկական օգնութիւն կը ցուցաբերէ Ի.Պ.ի զինեալներուն
2014ի Օգոստոս 12ին Ի.Պ.ի հրամանատարներէն մէկը յայտնեց «Ուաշինկթըն Փոսթ»ին.- «Սովորաբար որոշ զինեալներ, նոյնիսկ Իսլամական Պետութեան ամենաբարձրաստիճան անդամները, բուժում կը ստանան Թուրքիոյ հիւանդանոցներուն մէջ»:
2014ի Հոկտեմբեր 12ին «Թարաֆ» թերթը հաղորդեց, որ նախագահ Էրտողանի իշխող (Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում) կուսակցութեան հիմնադիր Տենկիր Միր Մեհմետ Ֆիրաթ հրապարակեց, որ Թուրքիա աջակցած է ահաբեկչական խումբերուն եւ կը շարունակէ աջակցիլ ու բուժել զանոնք իր հիւանդանոցներուն մէջ:
5) Թուրքիա նիւթապէս աջակցած է Ի.Պ.ին՝ քարիւղ գնելու միջոցով
2014ի Սեպտեմբեր 13ին «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը հաղորդեց, որ Օպամայի վարչակարգը ջանքեր թափած է ճնշում գործադրելու Թուրքիոյ վրայ` վերցնելու Ի.Պ.ի կողմէ քարիւղի վաճառքի լայնածաւալ ցանցը:
2014ի Սեպտեմբեր 13ին Ֆեհիմ Թաշթեքին «Ռատիգալ»ի մէջ գրեց Սուրիայէն Թուրքիա քարիւղ տեղափոխող ապօրինի խողովակաշարերու մասին:
6) Թուրքիա կ՝օգնէ Ի.Պ.ի զինուորագրման
2014ի Հոկտեմբեր 14ին Քըլըչտարօղլու յայտարարեց, որ Պոլսոյ եւ Կազիանթեփի մէջ Ի.Պ.ի գրասենեակները կը հաւաքագրեն զինեալներ: 2014ի Հոկտեմբեր 10ին Քոնիայի Միւֆթին յայտարարեց, որ չորս օր առաջ իր քաղաքէն 100 տղամարդ միացած է Ի.Պ.ին:
OdaTVն հաղորդեց, որ «Թաքուա Հապեր»ը կը ծառայէ իբրեւ քարոզչական միջոց Ի.Պ.ի համար` Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ թրքախօս տղամարդոց հաւաքագրելու ուղղութեամբ:
Թուրքիոյ սփորթի նախարար, Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ Սուաթ Քըլըչ, Գերմանիոյ մէջ, այցելեց Սալաֆի ճիհատականներուն, որոնք կ՝աջակցին Ի.Պ.ին: Այս ճիհատականները կողմնակիցներ կը հաւաքագրեն՝ Ղուրանի անվճար օրինակներ բաժնելով եւ դրամահաւաք կազմակերպելով, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ինքնասպանական գործողութիւններ հովանաւորելու համար:
OdaTVի հեռարձակած տեսանիւթին մէջ ցուցադրած են Պոլսոյ մէջ հանրակառքով երթեւեկող Ի.Պ.ի զինեալները:
7) Թրքական ուժերը կը կռուին Ի.Պ.ի կողքին
Ամերիկեան հետաքննող լրագրող Սէյմուր Հերշ London Review of Booksին մէջ հաստատեց` «Յայտնի էր, որ վարչապետ Ռեճեփ Էրտողան կ’աջակցէր «Ալ-Նուսրա ճակատին»` ապստամբ ընդդիմադիրներու մէջ ճիհատական խմբակցութեան, ինչպէս նաեւ այլ իսլամիստ ապստամբ խումբերու»:
2014ի Սեպտեմբերի 20ին, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Ազգերու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը (HDP) ներկայացնող պատգամաւոր Տէմիր Չելիք յայտարարեց, որ թրքական յատուկ ուժերը ռազմի դաշտի մէջ միացած էին Ի.Պ.ին:
8) Թուրքիա օգնած է Ի.Պ.ին՝ Քոպանիի համար մղուող մարտի ժամանակ
2014ի Սեպտեմբեր 19ին Քոպանիի քաղաքապետ Անուար Մուսլիմ բացայայտեց, որ թրքական զէնք ու զինամթերքով բեռնուած շոգեկառքեր հասցուած են Ի.Պ.ին: 2014ի Սեպտեմբեր 30ին CHPի պատուիրակութիւնը այցելեց Քոպանի, ուր տեղացիները յայտարարեցին, թէ ամէն ինչ, սկսեալ Ի.Պ.ի մարտիկներու հագուստէն մինչեւ զէնքերը, կու գան Թուրքիայէն:
2014ի Սեպտեմբեր 25ին «Նուհապեր»ի տեսահոլովակը ցուցադրեց հրասայլեր եւ զինամթերք փոխադրող թրքական զինուորական ուղեկցորդները` Ի.Պ.ի դրօշի ներքոյ Սուրիոյ Ճարապլոս շրջանին մէջ ազատ տեղաշարժելու ժամանակ եւ Գարգամիշի սահմանը անցնելու ընթացքին:
PYDի («Սուրիոյ Քիւրտերու Ժողովրդավարական Միութիւն») քիւրտ զինեալներու առաջնորդ Սալիհ Մուսլիմ հաղորդեց, որ 2014ի Հոկտեմբեր 20-24ին 120 զինեալներ Թուրքիայէն անցած էին Սուրիա:
Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթի 2014ի Հոկտեմբեր 29ի համարին մէջ YPGի (Ժողովրդական Ինքնապաշտպանութեան Ջոկատ) քիւրտ հրամանատարի գրած սիւնակին` Թուրքիան պարբերաբար կ՝արտօնէ Ի.Պ.ի զինեալներուն՝ իրենց սարքերով անցնելու իր սահմանը:
2014ի Հոկտեմբեր 1ին Տիքեն հաղորդեց.- «Ի.Պ.ի զինեալները, հատելով Թուրքիոյ սահմանը, անցած էին Սուրիա՝ թուրք զինուորներու գիտութեամբ եւ համաձայնութեամբ»:
9) Թուրքիա եւ Ի.Պ. նոյն աշխարհայեացքը ունին
2014ի Հոկտեմբեր 3ին RTն հաղորդեց փոխ-նախագահ Ճօ Պայտընի ելոյթի մասին, ուր կը ներկայացուէին Ի.Պ.ին ցուցաբերուող թրքական աջակցութեան մանրամասները:
«Հիւրիյէթ» 2014ի Սեպտեմբեր 26ին մէջբերեց թուրք պաշտօնատարի մը խօսքերը.- «Ես ցնցուած էի` լսելով բարձրաստիճան ծառայողներու հիացական խօսքերը Ի.Պ.ի հասցէին»:
Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան խորհուրդի անդամ մը Facebookի իր էջին գրած էր.- «Բարեբախտաբար Ի.Պ. գոյութիւն ունի… Թող անսպառ ըլլան ձեր փամփուշտները…»:
Համաձայն Սարիեր Կէօզլեմի` Էրտողանի որդի Պիլալը եւ թուրք պաշտօնատարներ հանդիպած են Ի.Պ.ի զինեալներու հետ:
Բացարձակապէս անընդունելի է, որ այն ժամանակ, երբ Ի.Պ. զանգուածային սպանութիւններ կ՝իրականացնէ Փարիզի եւ Եւրոպայի այլ քաղաքներու մէջ, ՆԱԹՕի «դաշնակից» Թուրքիա կը շարունակէ օգնել ու զինել այդ յանցագործները:
Ժամանակն է, որ Թուրքիան վտարուի ՆԱԹՕէն, իսկ անոր ղեկավարները մեղադրուին ու դատուին՝ այս սարսափելի ոճրագործութիւններուն մէջ իրենց ունեցած դերակատարութեան համար:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – «Քալիֆորնիա Քուրիեր»