Ժիրինովսքի. «Եթէ Մենք Հայերուն Արտօնենք Ազատագրել Իրենց Արեւմտեան Տարածքները, Անոնք Հաճոյքով Պիտի Ընեն Այդ Մէկը»
a1plus.am կը հաղորդէ, որ 24 նոյեմբերի երեկոյեան «Ռոսիա 1» պատկերասփիւռի կայանէն տեղի ունեցած «Երեկոն Վլատիմիր Սոլովիովի հետ» պատկերասփռուած բանավէճի ծիրին մէջ Վլատիմիր Ժիրինովսքին խօսած է հայերուն մասին։
«Թուրքիոյ հարցերը պէտք է լուծել, եւ պէտք է ընել ուրիշի ձեռքերով։ Հայերը կ՚ատեն թուրքերը, եթէ մենք անոնց արտօնենք ազատագրել իրենց արեւմտեան տարածքները, անոնք հաճոյքով պիտի ազատագրեն։ Հայերը ատիկա արդէն կատարած էին 1918-ին, սակայն այդ ժամանակ Մոսկուան չօգնեց, ան անցաւ Թուրքիոյ կողմը», յայտնած է Ժիրինովսքի:
«Քիւրտերը կը սպասեն մեր օգնութեան. եթէ մենք քիւրտերուն ըսենք, որ կը ճանչնանք իրենց անկախութիւնը, իսկ անոնց թիւը, ինչպէս յայտնի է, կը հասնի 20 միլիոնի, իսկ մայրաքաղաքն ալ արդէն յայտնի է, Տիարպեքիրն է։ Այսպիսով՝ Արեւելեան Անատոլուն պիտի դադրի իբրեւ այդպիսին գոյութիւն ունենալէ։ Իբրեւ արդիւնք պիտի ունենանք անկախ Քիւրտիստան եւ Մեծն Հայաստան»։