Թորոնթոյի «Նուռ» Ֆիլմի Փառատօնը Այս Տարի Նուիրուած Էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին


Նոյեմբեր 16-22 Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան (Թորոնթօ) կազմակերպմամբ եւ Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ Թորոնթօ քաղաքին մէջ կայացաւ «Նուռ» ֆիլմերու ամենամեայ միջազգային 10-րդ փառատօնը, որ այս տարի նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Փառատօնին ներկայ էին Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան, մեծ թիւով հռչակաւոր բեմադրիչներ եւ դերասաններ աշխարհի տարբեր երկիրներէ, գանատացի հասարակական-քաղաքական գործիչներ, միջազգային լրատուամիջոցներու եւ հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:

Իր ողջոյնի խօսքին մէջ դեսպան Եգանեան նշեց, որ 10-րդ  ֆիլմի փառատօնը առանձնայատուկ է անով, որ այն տեղի կ’ունենայ 2015թ.-ին` համընկնելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին հետ: Դեսպան Եգանեան շնորհակալութիւն յայտնեց այն բազմաթիւ մարդոց, որոնք որեւէ ձեւով ներգրաւուած եղած են փառատօնի կազմակերպման գործին, եւ դեսպանութեան անունէն մրցանակ յանձնեց փառատօնի կազմակերպիչ յանձնախումբին:

«Նուռ» փառատօնի ծիրէն ներս Թորոնթոյի «Regent» թատրոնին մէջ ցուցադրուեցաւ Ֆաթիհ Աքինի «Սպի» ֆիլմը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.