Հենրիխ Մխիթարեան` Եւրոպայի 4-րդը
1138
0
Անգլիական goal.com կայքը Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն գծով ցարդ արձանագրուած արդիւնքները նկատի առնելով հրապարակեց ցանկը այն 20 ֆութպոլիստներուն, որոնք կատարած են կոլային ամէնէն շատ փոխանցումները:
Պորուսիա Տորթմունտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան յայտնուեցաւ այդ ցանկին լաւագոյն հնգեակին մէջ` նկատի ունենալով, որ ան գրաւեց 4-րդ դիրքը, որովհետեւ կատարեց կոլային 7 փոխանցում:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Արսենալի մաս կազմող Մեսութ Էօզիլ (10 փոխանցում):