Շահէն Մեղրեանի եւ իր «Եղնիկներ»ու Խոստումը…
1993 թուականի Յունուար 22-ին, թէ 23-ին էր…Ազրպէյճանական երկու ուղղաթիռներ յայտնուեցան երկինքի վրայ եւ կրակ բացին եկեղեցւոյ ուղղութեամբ. կը մտածէին՝ եկեղեցիին մէջ պէտք է պատսպարուած ըլլանք… Գմբեթէն դղրդիւնով ինկաւ փշրուեցաւ հսկայ խաչը, վնասուեցան եկեղեցւոյ պատերը…Յաջորդ օրը մտանք «Երից Մանկունք» եկեղեցի։ Մեր՝ յատուկ նշանակութեան ջոկատի հրամանատար Շահէն Մեղրեանը նայեցաւ ու ըսաւ.«Պէտք է վերականգնենք եկեղեցւոյ խաչը»։ Եւ բոլորս միասին ուխտեցինք, որ պիտի տեղադրենք ինկած խաչը։ Հետոյ Մեղրեանի հրամանով մեկնեցանք հետախուզութեան՝ դէպի Սարսանգի ջրամբար…Մեկնելէ առաջ ալ ես լուսանկարեցի տղոց։
Եւ պատերազմը մեզի տարաւ իր ճամբաներով. շատ չանցած՝ զոհուեցաւ Շահէն Մեղրեանը, հետոյ տղոցմէ շատերը…Եւ անկատար մնաց մեր ջուկատի տղոց «Երից Մանկունք» եկեղեցւոյ պատերուն տակ կատարած ուխտը։ Իսկ այս լուսանկարը ինծի հանգիստ չէր տար ու անընդհատ կը յիշեցնէր հեռաւոր 1993 թուականի Յունուար 22-ի, թէ 23-ի այդ օրը…
…Օր մըն ալ՝ շուրջ 21 տարի ետք, երբ սիրտս բացի տղոց առջեւ, ներկաներէն մէկը՝ Կարէն Թանգեանը՝ բանակի սպայ, ըսաւ. «Ես պիտի օգնեմ. տղոց ուխտը պէտք է կատարուի, ու պէտք է սուրբ խաչը տեղադրուի «Երից Մանկունք» եկեղեցւոյ գմբեթին»։ Յանկարծ հեռաձայնեց, թէ երթանք եկեղեցին տեսնենք, չափերը առնենք։ Գացինք՝ մեզի հետ տանելով լեռնագնաց տղաք։ Անոնք ալ յատուկ պարաններու միջոցով բարձրացան գմբէթին վրայ եւ անհրաժեշտ ճշգրտումներ կատարեցին։ Շուտով մեզի միացաւ Շահէն Մեղրեանի եղբայրը՝ Պետրոսը։ Անոր խորհուրդով ալ հանդիպեցանք Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ սրբազանին։ Բացատրեցինք, որ խաչի չափերը պէտք է եկեղեցւոյ մեծութեան, բարձրութեան համեմատ ըլլայ, ինչպէս նաեւ՝ ամէն մարդ չէ, որ իրաւունք ունի խաչ պատրաստելու…
…Եւ դարձեալ, շատ չանցած, հեռաձայնեց Կարէն Թանգեանը, այս անգամ ալ թէ խաչը պատրաստ է։ Գացինք Կարենէնց տուն եւ կանգնեցանք անոր ինքնաշարժի տնակին դուռին առջեւ՝ մտածելով, որ այնտեղ պահած պիտի ըլլայ խաչը։ Աւելի ուշ ի յայտ եկաւ, որ տան հինգերորդ հարկը կը պահէ հսկայ՝ շուրջ հարիւր քիլոկրամնոց երկաթեայ խաչը։
…Եւ ուրախ ու թեթեւ սրտով, ինչպէս կ՚ըսեն՝ խաչով-աւետարանով, գացինք դէպի «Երից Մանկունք»՝ կատարելու Շահէն Մեղրեանի, «Եղնիկներ» յատուկ ջոկատի տղոց 21 տարի առաջ կատարած ուխտը… Խաչը օծուեցաւ եւ Հայաստանի հանրապետութեան զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Վրթանէս սրբազանի օրհնութեամբ դարձեալ բազմեցաւ «Երից Մանկունք» եկեղեցւոյ գմբեթին։
Յակոբ Պողոսեան
Արցախեան ազատամարտի մասնակից,
լուսանկարիչ
(Արեւմտահայերէնի վերածուած)