Եուրի Ճորքայեֆ` Հայաստանի Մէջ
Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Եուրի Ճորքայեֆ երէկ այցելեց Հայաստան` մասնակցելու համար երեւանեան առաջին կէսմարաթոնին:
«Կու գամ ըսելու, որ շատ սիրայօժար ընդունեցի մեծ ախոյեան Ռոպերթ Էմմիեանին հրաւէրը: Կ՛ուզեմ իմ ներկայութեամբս հաճոյք պատճառել նախ եւ առաջ հանդիսատեսներուն եւ հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին եւ մեր ախոյեանին: Հայաստանի մէջ իմ նկատմամբս միշտ եղած են ջերմ եւ հիւրընկալ», աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեանին խօսքերը մէջբերեց «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը:
Ճորքայեֆ աւելցուց, որ Հայաստանի մէջ առաջին բանը, որ պիտի ընէ, այդ ալ խորոված ուտելն է:
Նշենք, որ շաբաթ, 3 հոկտեմբերին, Երեւանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ միջազգային կէսմարաթոնի վազքի մրցումը, որ այսուհետեւ պիտի կայանայ տարեկան դրութեամբ:
Անիկա կը վայելէ Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, Երեւանի քաղաքապետութեան, Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին եւ Հայաստանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին հովանաւորութիւնը: