Իսլամացած հայերու մկրտութեան մերժումին առթիւ
Մերժուած Մկրտութեան մը Առթիւ
Սուրէն Ծովիկեան
Մամուլէն տեղեկացայ թէ այս ամառ, իսլամացած քանի մը Հայեր, Թուրքիայէն Հայաստան երթալով, ուզած են մկրտուիլ, սակայն իրենց փափաքը չէ իրականացած որովհետեւ Հայ Եկեղեցւոյ բոլոր պաշտօնեաները, որոնց դիմած էին կնքուելու նպատակով, զանազան պատճառաբանութիւններով իրենց դիմումը մերժած են։
Քահանայ մը, օրինակի համար, իր մերժումը բացատրած է ըսելով թէ «Մկրտութիւնը show չէ»։ Կարծես թէ շատ ամուսնութիւններ, որ մկրտութեան նման հաւասարապէս Եկեղեցւոյ խորհուրդներ են, show չըլլան. յատկապէս եթէ նկատի առնենք Հայաստանի կարգ մը սակաւապետներու – կամ ընթացիկ ռուսաբանութեամբ մը՝ օլիկարխներու – զաւակներուն այս առթիւ ցուցաբերած շռայլութիւններն ու աչք ծակող անճաշակ ցուցամոլութիւնները։
Եթէ մկրտութեան մերժումին պատճառը խնդրարկուներուն քրիստոնէական կրօնքի անբաւարար ծանօթութիւնն էր, կարելի էր, շատ լաւ, կնունքէն քանի մը օր առաջ մէկ-երկու ժամուան ընթացքին ամփոփ կերպով բացատրել Հայ Եկեղեցւոյ Հաւատամքը, Տասնաբանեայ պատուիրանները, եօթը Խորհուրդները եւ այլն ու, շատ-շատ, պատուիրել որ նոր մկրտուողը, տուն դառնալէն ետք աւելի խորացնէր քրիստոնէական իր գիտելիքները։ Եւ այս առընչութեամբ լաւ պիտի ըլլար որ, եթէ արդէն գոյութիւն չունի, թրքերէն լեզուով գրքոյկ մը պատրաստուէր ուր ամփոփ կերպով այս ամէնը բացատրուած ըլլար։ Ի պէտս այն բոլոր իսլամացած Հայերուն որ կ՚ուզեն իրենց պապերուն հաւատքին վերադառնալ։
Թէեւ, ճիշդն ըսելով, քրիստոնէական կրօնքի անբաւարար ծանօթութիւնը համոզիչ պատճառ մը չի կրնար ըլլալ որովհետեւ բոլոր նորածինները որ կը մկրտուին ի՞նչ գիտեն քրիստոնէութեան մասին։ Բայց ասով հանդերձ, եւ առանց իրենց կամքը հարցուած ըլլալու, կը մկրտուին։ Կամ ալ մկրտութեան մերժումին պատճառը այն կասկածն է որ խնդրարկուները, կամ անոնցմէ ոմանք, ծագումով հայ չըլլա՞ն, այլ թուրք կամ քիւրտ։ Այս պարագային ալ մտահոգուելու եւ կնունքը մերժելու պատճառ չկայ, որովհետեւ եթէ նկատի առնենք որ ԺԱ. դարուն առաջին անգամ Հայաստան խուժած Թուրքերը թուաքանակով հայերէն շատ աւելի քիչ էին ու յաջորդ դարերուն Թուրքերու եւ Քիւրտերու համրանքը աւելցած է ի հաշիւ բռնի կամ կամովին իսլամացած Հայերու, պարզ կը դառնայ որ – գէթ ներկայ Թուրքիոյ արեւելեան կէսին մէջ – այսօրուան Թուրքերու եւ Քիւրտերու երակներուն մէջ շատ աւելի Հայու արիւն կը հոսի քան թէ Թուրքի կամ Քիւրտի։
Հետեւաբար այս Թուրքերը եւ Քիւրտերը որ մկրտուիլ կ՚ուզեն, պարզապէս իրենց հեռաւոր պապերուն հաւատքին վերադարձ մըն է որ կատարած կ՚ըլլան։ Իսկ եթէ իրական թէ կարծեցեալ վտանգը կայ որ մկրտուիլ փափաքողները թուրք կառավարութեան գործակալներ ըլլան, ինչէ՞ պիտի վախնանք. որ Էջմիածնի վանքին մէջ պատրաստուող, եւ Թուրքիոյ դէմ գործածուելիք, հիւլէական զէնքերու գաղտնիքները կորզելով Անգարայի կառավարութեա՞ն իմացնեն։
Համաշխարհայնացման ու համացանցի այս դարուն կարելի՞ է գաղտնիք մը պահել, երբ մէկու մը Նիւ Եորքի մէջ հազալն իսկ անմիջապէս Հոնկ Քոնկի մէջ կ՚իմացուի։ Բաց աստի Թուրքիան նոր մկրտուողներու պէ՞տք ունի որպէսզի Հայութեան ներքին խոհանոցին իրազեկ դառնայ. արդեօք Թուրքիոյ մէջ, եւ Թուրքիայէն դուրս, ի ծնէ մկրտեալ Հայեր չկա՞ն որ, հայութեան մէջ դերակատար ալ ըլլալով հանդերձ, Թուրքիոյ գիտակից գործակալներն ըլլան։
Տասնամեակներէ ի վեր միջազգային հրապարակներու վրայ կ՚աղմկենք Արեւմտեան Հայաստանի հայկական յուշարձաններուն փճացման դէմ բողոքելով ու պահանջելով որ գէթ այն ինչ որ մնացած է՝ փրկուի։ Արդ ո՞վ տէր պիտի կանգնի այս յուշարձաններուն, ու անոնց յաւելեալ աւերման առաջքն առնէ, եթէ ոչ, առաջին հերթին, անոնց մերձաւորութեան մէջ ապրող Հայերու այս դժբախտ բեկորները որ ի հեճուկս տարիներու հալածանքներուն, գաղտնօրէն, բայց հերոսաբար, պահած են Լուսաւորիչի լոյս հաւատքը։ Իրենց առջեւ ոչ թէ Եկեղեցիին դուռները փակ պէտք է պահուին, այլ՝ լայնօրէն պէտք է բացուին ու զիրենք մկրտելէ ետք ալ իւրաքանչիւրին ճակատին համբոյր մը պէտք է դրոշմել։
«Նոր Յառաջ»