Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Սարգսեան Եւ Մելքումեան Լքեցին Պայքարը. Արոնեան Պիտի Խաղայ Թայ-Պրէյք


jadrag_9-15-15

Երէկ` երեքշաբթի, 15 սեպտեմբերին, Պաքուի մէջ տեղի ունեցան աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքին 1-32-րդ հանգրուանի 2-րդ մրցումները:

Լեւոն Արոնեան, որ ճերմակ քարերով մրցեցաւ ուքրանացի Ալեքսանտր Արեշչենքոյի դէմ, առաջին մրցումին նման դարձեալ հաւասարութիւն մը արձանագրեց: Ատիկա պատճառ դարձաւ, որ յաջորդ հանգրուանին մասնակցողին անունը վճռուի թայ-պրէյքով, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր:

Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Հրանդ Մելքումեան, որոնք յաջորդաբար պարտուեցան ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ – Լակրաւէն եւ քուպացի Լենիեր Տոմինկեզէն, լքեցին պայքարը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.