ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան 43-րդ Պատգամաւորական Ժողովի Հաղորդագրութիւն
ՀՅԴ ԳԵՄ-ի (ԳանատայիԵրիտասարդական Միութիւն) 43-րդ Պատգամաւորական Ժողովը գումարուեցաւ 29-30 Օգոստոս 2015,-ին, Թորոնթոյի մէջ: Ներկայ էին 35 պատգամաւորներ, Օնթարիոյի, Քեպեքի եւ Պրիթիշ Քօլոմպիայի զանազան շրջաններէն: Ժողովին հիւրաբար նաեւ մասնակցեցան ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի, Ազգային Վարչութեան, ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրիան» կոմիտէի , ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութեան, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմինի եւ ՀԵԴ ԱՄՆ-ի արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչները:
Պատգամաւորական Ժողովի օրակարգի գլխաւոր նիւթերն էին ԳԵՄ-ի կազմակերպած Վանաձորի Ամառնային Ճամբարը, «Արծիւ» պաշտօնաթերթը, ԳԵՄ-ի քաղաքական գործունէութիւնը եւ Գանատահայ երիտասարդութիւնը:
Ժողովը հաստատեց, որ հակառակ այն իրողութեան, որ ԳԵՄ-ը կը դիմագրաւէ շարք մը մարտահրաւէրներ, բայցեւայնպէս վերջին տարիներու ընթացքին միութիւնը արձանագրածէ յառաջխաղացք՝ ընդլայնելով շարքերը, ու գործունէութեան դաշտի ծաւալը:
Հայրենիքի մէջ միութեան իրագործած գլխաւոր ծրագիրն է ՎանաձորիՃամբարը,որ կը համախմբէ եւ կը դաստիարակէ երկու հարիւրէ աւելի վանաձորցի պատանիներ, որոնք կը ստանան անգլերէնի, Հայոց պատմութեան եւ համակարգիչի դասընթացքներ: Ժողովը առաջադրեց ընդլայնել Ճամբարի ծրագիրը, եւ գործակցելով շրջանի երիտասարդութեան հետ՝ յառաջացնել յաւելեալ ծրագիրներ Լոռիի մարզին մէջ։
Նախորդ տարեշրջանին հրատարակուեցան ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Արծիւ» Պաշտօնաթերթի երեք թիւեր, որոնցմէ մէկը ամբողջովին նուիրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին։Պաշտօնաթերթի կայքէջը եւս շարունակեց գործել պարբերական թարմացումներով, որուն էջերուն մէջ արծարծուեցան ԳԵՄականն ու ընդհանրապէս Գանատահայ երիտասարդը յուզող հարցեր:
Քարոզչական գետնի վրայ պաշտօնաթերթը գանատահայ երիտասարդութեան աւելի հասանելի դարձնելու համար՝ժողովը թերթը տարածելու եւ սփռելու նոր միջոցներ որդեգրելու առաջարկներ կատարեց:
Միութեան քաղաքական գործունէութեան ծիրէն ներս, ժողովը առաջարկներ կատարեց Արցախի հիմնահարցի առնչութեամբ ու առաջարկուեցան Արցախին անմիջականօրէն օժանդակելու համապարփակ ծրագիրներ: Նաեւ, նկատի ունենալով հայոց պահանջատիրական պայքարի նոր շրջանը, ժողովականները քննարկեցին Հայ Դատի ուղութեամբ ԳԵՄ-ի ի գործ դնելիք յառաջիկայ ծրագիրները եւ որոշեցին նոյն թափով ու մարտունակութեամբ շարունակել Հայ Դատի ուղութեամբ տարուող պայքարը։
Այլ գետնի վրայ, ժողովը բարձրօրէն գնահատեց ԳԵՄ-ի ունեցած հսկայական ներդրումը Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման աշխատանքներուն մէջ։
Վերջապէս, պատգամաւորները արծարծեցին միութեանս դիմագրաւած բազմաբնոյթ մարտահրաւէրները եւ անդամները խրախուսելուու նոր անդամներ ներգրաւելու միջոցները: Ժողովականները մշակեցին յառաջիկայ տարեշրջանի ընդհանուր ծրագիրը:
Ժողովի աւարտին, ընտրուեցաւ 2015-2016 տարեշրջանի ՀՅԴ ԳԵՄ-իԿեդրոնականՎարչութեանկազմը:
ՀՅԴ ԳԵՄ–ի Պատգամաւորական Ժողով
2015-2016, Թորոնթօ