Իսլամական Պետութիւնը Քոպանիի մէջ հայ մը սպաննած է
Իսլամական Պետություն (ԻՊ – ISIS) ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումը վերջին օրերուն Քոպանիի վրայ կատարած իր յարձակման ընթացքին սպաննեց 200 քիւրտեր, որոնց շարքին նաեւ հայ մը: Այս մասին կը հաղիրդեն թրքական Ռատիքալ եւ Հուրրիէթ թերթերը։
Քոպանիի սպանուած հայուն եղբայրը-, Յակոբ Թոմասեան, Ռատիքալ թերթին յայտնած է, որ ԻՊ-ի յարձակումէն ետք Քոպանիի 8 հայ ընտանիքներէն մէկը ապաստանած է Ուրֆա, մէկը՝ Հաթայ, մէկը՝ Հալէպ, իսկ անձնագիր ունեցող երկու ընտանիք Հայաստան տեղափոխուած է։ Մնացեալ երեք հայ ընտանիքները ապաստանած են են թուրք-սուրիական սահմանին մօտ գտնուող Սուրուչ գաւառի գաղթականներու վրանային ճամբարին մէջ:
ԻՊ-ի վերջին յարձակումէն առաջ Յակոբի եղբայրը փափաքած է գաղթականական ճամբարէն ընտանիքով վերադառնալ Քոպանի։ Ան իր 14-ամեայ զաւակին հետ վերադարձած է Քոպանի տունն ու աշխատանքը կարգաւորելու համար, սակայն Յունիս 24-ին սպաննուած է: Հօր մահը սեփական աչքերով տեսած 14-ամեայ Արամը Ռատիքալի լրագրողին պատմած է, որ Իսլամ ծայրայեղականներուն կողմէ գնդակահարուած արիւնլուայ հայրը, վերջին ուժերը լարելով տղուն յանձնարարած է որ անմիջապէս փախչի: Սպաննուած հայը չորս երեխաներու հայր էր: Ընտանիքի անդամները անձնագիր չունին, որպէսզի կարողանան Հայաստան մեկնիլ: Անոնք այժմ կը գտնուին Սուրուչի ճամբարին մէջ: