Արթուր Գէորգեան. «Պաքուն Չի Կրնար Պահել Արդար Խաղի Օրէնքները»


6-21-15_arthur-kevorkyanՀայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Գէորգեան իր կարծիքը յայտնեց Պաքուի մէջ տեղի ունեցող եւրոպական խաղերուն կռփամարտի մրցումներուն գծով:

Ըստ ArmSport.am-ի Արթուր Գէորգեան ըսած է հետեւեալը.

«Պաքուն, ինչպէս միշտ չի կրնար պահել արդար խաղի օրէնքները: Իրաւարարները ոչ մէկ ձեւով կէտեր կու տան մեր կռփամարտիկներուն: Սամուէլ Բարսեղեան, ունենալով բացարձակ առաւելութիւն բոլոր` երեք ռաունտերուն, կը պարտուի 3-0 արդիւնքով:

«Պաքուն, անկախ անկէ, թէ ո՛վ է մեր մրցակիցը, կը զօրակցի մեր մրցակիցին, այնպէս` ինչպէս իրենց մարզիկներուն:

«Այս ճնշող մթնոլորտին մէջ թերեւս զարմանալի է նաեւ մեր պատուիրակութեան կեցուածքը: Անոնք մեր տղոց կողքին նոյնիսկ մենամարտերու օրերուն ալ չեն ըլլար: Անոնք կը յայտնուին այն ժամանակ միայն, երբ մեր մարզիկները մետալներ կամ մրցանակներ կը ստանան»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.