Հրասանդներ՝ Հալէպի Հայաշատ Նոր Գիւղ Թաղամասի Վրայ


ՀԱԼԷՊ.- «Արմէնփրէս»ի հետ հեռաձայնային կապի ընթացքին, Բերիոյ թմի ազգային առաջնորդարանի խօսնակ Ժիրայր Ռէիսեան յայտնած է, որ Ապրիլ 14ի կէսօրին, Նոր Գիւղ գտնուող Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանի մօտակայ շէնքերէն մէկուն վրայ հրասանդներ ինկած են: Բարեբախտաբար, զոհեր չկան. Նիւթական վնասները մեծ են. Շէնքի երեք յարկերը ամբողջովին փլած են:

Ժ. Ռէիսեան տեղեկացուց, որ քանդուած բնակարանները հայերու կը պատկանին:

Ռէիսեանի խօսքով՝ Հալեպի վիճակը կը շարունակէ անկայուն եւ մտահոգիչ մնալ. Անակնկալները միշտ սպասելի են:

Մեր տեղեկութիւններով , թէեւ շրջանի բնակչութեան մեծամասնութիւնը ժամանակաւոր հեռացած է Նոր Գիւղի վտանգաւոր այդ գօտիէն, տակաւին հոն մնացողներ կան: Այս պայթումէն վնասուած են նաեւ մօտիկ տուները, որոնց ապակիները կոտրած են, դռները՝ քանդուած: Երկու այլ հրասանդներ ալ ինկած են, սակայն, բարեբախտաբար չեն պայթած:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.