Թուրքիոյ Ասորիները 100 Ժամ Հացադուլ Պիտի Կատարեն


ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Ըստ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ի՝ Թուրքիոյ ասորիները առաջին անգամ ըլլալով ձեռնարկներ պիտի իրականացնեն ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն:
Անոնցմէ մէկը պիտի ըլլայ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով հացադուլը, որ պիտի սկսի Ապրիլ 20ին եւ պիտի աւարտի Ապրիլ 24ին՝ տեւելով խորհրդանշական 100 ժամ:
Մարտինի ասորական միութեան նախագահ Եուհաննա Աքթաշ տեղեկացուցած է, որ Յունիսին տեղի պիտի ունենայ նաեւ քայլարշաւ մը, նուիրուած 1915ին Մարտինի գիւղերէն մէկուն մէջ ասորիներու զինուած դիմադրութեան:
Աքթաշ նշած է. «Մենք կը փափաքինք, որ Թուրքիան առերեսուի իր անցեալին հետ եւ ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.