Էրտողանի Կալիփոլիի հիւրերու թիւը սկսաւ նուազիլ
1889
0
Անգարա կը շարունակէ իր ճիգերը Կալիփոլիի մարտերու (թրքերէն Չանաքքալէ) 100-ամեակի յիշատակման արարողություններու օրը, Ապրիլ 24-ին առաւելագոյն թիւով օտար երկիրներու ղեկավարներ հրաւիրել Թուրքիա: Նախապէս թրքական լրատուամիջոցները յայտարած էին, որ Կալիփոլիի յիշատակման հանդիսութեան թրքական իշխանութիւնները հրաւիրած են 102 երկիրներու նախագահներու և այլ բարձրաստիճան քաղաքական պաշտօնատարներու։ Ներկայ դրութեամբ, հաւանական հիւրերու թիւը սկսած է զգալիօրէն նուազիլ: Ըստ թրքական «Ճումհուրիէթ» թերթին՝ այժմ կը խօսուի միայն 77 երկիրներու ներկայացուցիչներու ներկայութեան մասին: