Հարաւային Տաքոթան Կը Դառնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող 43րդ Նահանգը
1304
0
ՓԻԵՌ, Հարաւային Տաքոթա.- Հինգշաբթի, 26 Փետրուարին, Հարաւային Տաքոթայի Ներկայացուցիչներու տունը 51 թեր, 17 դէմ քուէով վաւերացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը՝ դառնալով Ամերիկայի 43րդ նահանգը, որ ճանչցաւ է մարդկութեան դէմ այս մեծ յանցագործութիւնը:
28 հովանաւորներով ճամբայ ելած բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ արդար լուծում տալու Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին, կը դատապարտէ ուրացումը եւ կը խրախուսէ Հարաւային Տաքոթայի դպրոցներուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին դասաւանդումը: Բանաձյեւը նաեւ կ՛ակնարկէ յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութեան:
Բանաձեւը 2015ը կը հռչակէ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակութեան տարի եւ կոչ կ՛ուղղէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին եւ նախագահին պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: