Ամերիկա Կոչ Կ՛ընէ Ազատ Արձակելու Երկու Ատրպէյճանցիները
ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմինիաՆաու».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ըրած է ազատ արձակելու երկու ատրպէյճանցիները, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ դատապարտուած են անցեալ տարի իրենց կատարած սպանութեան եւ ներթափանցման համար:
Երկուշաբթի օր, արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Ճեն Փսաքի վերահաստատած է արտաքին գործոց նախարարի օգնական Վիքթորիա Նիւլընտի կողմէ նախապէս կատարուած յայտարարութիւնը, թէ՝ իբրեւ «մարդասիրական ժեստ»՝ Տիլհամ Ասքերովն ու Շահպազ Կուլիեւ պէտք է վերադարձնել Ատրպէյճան:
«Նման մարդասիրական քայլ մը պիտի նուազեցնէ ճնշումը եւ վստահութիւն պիտի հաստատէ կողմերուն միջեւ: Այս պատգամն էր, զոր Նիւլընտ փոխանցած էր», ըսած է ան:
Անցեալ տարի, Լեռնային Ղարաբաղի առաջին ատեանի դատարանը Ասքերովին ցմահ բանտարկութեան դատապարտած էր՝ սպանութեան յանցանքով, իսկ Կուլիեւին՝ 22 տարուան բանտարկութեան՝ լրտեսութեան, պետական սահմանը ապօրինաբար հատելու, ապօրինի կերպով հրազէն եւ ռազմամթերք կրելու եւ առեւանգումի յանցանքներով։
Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները հրաժարած էին դատապարտուածները ազատ արձակելու հարցը քննելէ՝ Փետրուար 18ին Երեւան այցելած Նիւլընտի յայտարարութենէն ետք: