ՀԲԸՄ Աւելի Քան 1 Միլիոն Տոլարի Կրթանպաստներ Տրամադրած Է
ՀԲԸՄ կը տեղեկացնէ, թէ 2014-2015 կրթական տարեշրջանին ընթացքին, աւելի քան 1 միլիոն տոլարի կրթանպաստներ տրամադրած է մօտաւորապէս 40 երկիրներու մէջ ուսում ստացող ուսանողներու։
Այդ գումարին աւելի քան 300,000ը յատկացուած է Միացեալ Նահանգներէն դուրս ուսանող 275 ուսանողներու, իսկ 250,000 տոլար՝ արուեստներու մէջ մասնագիտացող կամ աստուածաբանական ուսմանց հետեւող 68 ուսանողներու։
Հինգ կրթանպաստներ տրամադրուած են նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ ՀԲԸՄի երեք երկրորդական վարժարաններէ 5 ուսանողներու, նպաստելու համար անոնց համալսարանական ուսման։
Նաեւ, մօտաւորապէս 100 ուսանողներ, որոնք իրենց համալսարանական մասնագիտական ուսումը կը շարունակեն Միացեալ Նահանգներու մէջ, ստացած են 365,000 տոլարի հասնող կրթանպաստ։
Շարունակելով նեցուկ կանգնիլ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին՝ ՀԲԸՄը անոր 30 ուսանողներու 50,000 տոլարի կրթանպաստ յատկացուցած է, ինչպէս նաեւ համալսարանին եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համագործակցաբար՝ զինուորներու յատուկ կրթանպաստներու ծրագիրի մը նախաձեռնած է։
Դարձեալ Հայաստանի մէջ, ՀԲԸՄը 30,000 տոլարի կրթանպաստ յատկացուցած է Հայաստանի Ֆրանսական համալսարանի 23 ուսանողներու։ Նաեւ, 130,000 տոլարի կրթանպաստներ յատկացուցած է իրենց համալսարանական ուսումը Հայաստանի մէջ շարունակող սուրիահայ 415 ուսանողներու։
ՀԲԸՄի կրթանպաստներու տարբեր ծրագիրներուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.agbu-scholarship.org կայքը։