Թուրք պատմաբանը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող իր գիրքը կը ձօնէ էրտողանին


Թուրք պատմաբանը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող իր գիրքը կը ձօնէ էրտողանին –

Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած է թուրք պատմաբան Քատիր Մըսըրօղլուի` «Հայկական հարցը և բռնութիւնները» վերնագրով գիրքը, որուն առանցքային նիւթն ու նպատակը 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը որպէս «փոխադարձ ջարդեր» ներկայացնելն է: Իր տեսակէտները թուրք պատմաբանը (իբրև թէ) հիմնաւորած է փաստաթուղթերով:

Ինչպէս կը յայտնէ թրքական «haberleriz.com» լրատու կայքէջը` Մըսըրօղլուն իր գիրքը ձօնած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին` հետևեալ գրութեամբ.

«Ես մեծ հպարտութիւն կը զգած` ձօնելով այս գիրքը մեր ժողովուրդին կողմէ ընտրուած առաջին նախագահին` Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանին, որ ցաւակցական խօսք յղելով 1915-ի տեղահանումներու ժամանակ զոհուած հայերու յիշատակին, մէկ օրինակով ևս համալրեց մեր օսմանցի պապերու վեհանձնութեան ՚՚՚՚՚՚՚շարքը»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.