Ճատրակ. Պատեն – Պատենի Մրցաշարք. Արոնեան – Քարլսըն` 0,5-0,5


20315_levon----Գերմանական Պատեն – Պատեն քաղաքին մէջ սկսաւ ճատրակի միջազգային մեծ մրցաշարք մը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան:

Արոնեան, որ Ա. հանգրուանին ճերմակ քարերով կը մրցէր աշխարհի ախոյեան Մակնիւս Քարլսընի դէմ (Նորվեկիա), հաւասարութեամբ սկսաւ մրցաշարքը: 64-րդ շարժումին անոնք համաձայնեցան հաւասարութեամբ աւարտել մրցավէճը:

Նշենք, որ մրցաշարքին կը մասնակցին նաեւ Անանտ, Քարուանա, Ատամզ, Նայտիչ, Պաքրօ եւ Պարամիծէ:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.