Մահճուպեան Դրական Տեղաշարժ Կը Նկատէ Թուրքիոյ Ժողովուրդին Մօտ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ վարչապետի գլխաւոր խորհրդական Էթիէն Մահճուպեան յայտնած է, որ թուրքերու վերաբերմունքը՝ հայերու նկատմամբ, դրական փոփոխութիւններու ենթարկուած է:
Թրքական «Հապերթուրք»ին հետ զրոյցի մը ընթացքին, պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ Մահճուպեան՝ իբրեւ հայ, ինչ վերաբերում ունի Կալիփոլիի (Չանաքալէ) ճակատամարտի 100ամեակը Ապրիլ 24ին նշելու որոշումին հանդէպ, խորհրդականը ըսած է, որ եթէ Հայկական Հարցին վերաբերեալ ճիշդ քայլեր առնուին Ապրիլ 24էն առաջ, ապա նման նշում որեւէ խնդիր պիտի չյառաջացնէ: «Նախորդ տարուան ցաւակցական ուղերձը ու այս տարուան Հրանդ Տինքի տարելիցին կատարուած կոչը Թուրքիան կամաց-կամաց կը դնեն նոր ճանապարհի մը վրայ», նշած է Մահճուպեան՝ ընդգծելով, որ անկախ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջպետական յարաբերութիւններուն եւ թուրքերու վերաբերմունքին մէջ դրական տեղաշարժ տեղի կ՛ունենայ: