Մխիթարեան Չ՛ուզեր Հեռանալ Տորթմունտէն


11315_heno-6Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը յայտնեց, որ Եուվենթուսի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցած է:

Սակայն գլխաւոր խոչընդոտը այն է, որ Մխիթարեան չ՛ուզեր լքել իր ակումբը` Պորուսիա Տորթմունտը:

Իտալական մամուլին համաձայն, Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուսի պատասխանատուները նաեւ աշխատանք կը տանին եւ կը փորձեն համոզել հայ ֆութպոլիստը, ապա կ՛ուզեն բանակցութիւններու սկսիլ գերմանական ակումբին հետ:

Եուվենթուս, որ իր կազմին կ՛ուզէ միացնել Մխիթարեանը, առաջնահերթ նպատակ ունի այդ ձեւով լուծելու իր փլէյմէյքըրի հարցը:

Նշենք, որ ներկայիս Մխիթարեան իր խմբակիցներուն հետ Սպանիոյ մէջ ուսումնամարզական հաւաք կը կատարէ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.