Հենրիխ Մխիթարեան. «Տարին Անյաջող Էր Հայաստանի Ազգային Հաւաքականին Համար»
5-րդ անգամ ըլլալով Հայաստանի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի կոչումին տիրացած Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան իր մրցանակը ստանալէն ետք, հարցազրոյց մը ունեցաւ armSport.am-ին aravot.am-ին եւ հանրային ռատիոկայանին ներկայացուցիչներուն հետ:
Ստորեւ կու տանք այդ հարցազրոյցին շահեկան բաժինները.
«Նախ եւ առաջ, իմ շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ շնորհաւորանքներուն համար: Այս յաջողութիւնը ես իրագործեցի իմ խմբակիցներուս շնորհիւ, որոնց շնորհակալութիւն յայտնելէ բացի, կը մաղթեմ, որ օրին մէկը իրենք ալ տիրանան այս տիտղոսին:
«Կը կարծեմ, որ ազգային հաւաքականին այս տարուան արդիւնքները անյաջող էին: Դրական արդիւնքներէն աւելի եղան ձախողութիւններ:
Յառաջիկայ տարի պէտք է աւելի լաւ մարզուինք, խաղանք, որպէսզի աւելի լաւ արդիւնքներու հասնինք: Մենք փաստեցինք եւ բոլորն ալ տեսան, որ ազգային հաւաքականը ունակ է լաւ խաղալու:
«Մեր դիմաց ունինք եուրօ-2016-ի զտումի մրցումները: Պէտք է տրամադրուինք յառաջիկայի` Ալպանիոյ դէմ մրցումին եւ վերջը պէտք է մտածենք, թէ արդեօք կրնա՞նք մասնակցիլ անոր աւարտական հանգրուանի մրցումներուն մասին: Ունինք շատ լաւ հաւաքական, բայց ատիկա բաւարար չէ, որովհետեւ անիկա պէտք է ապացուցենք դաշտին վրայ:
«Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով բոլորին կը մաղթեմ ուրախ եւ լաւ տարի, փորձանքներէ հեռու` առողջ տարի, ինչպէս նաեւ երջանկութեան եւ յաջողութեան տարի»:ն ըսաւ.