Թուրքիոյ Ժողովուրդին Միայն 9 Առ Հարիւրը Ցեղասպանութեան Ճանաչման Համամիտ Է
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Տնտեսութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնը «1915ի հայկական դէպքերու»ն մասին հարցախոյզ մը կատարեց ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին։ Հարցախոյզի մասնակիցներուն առաջարկուեցաւ ընտրել հետեւեալ հաստատումներէն մէկը.
– 1915ին իրենց կեանքը կորսնցուցած հայերուն համար ներողութիւն պէտք է խնդրուի եւ պէտք է ընդունուի, որ գործուածը ցեղասպանութիւն էր։
– 1915ին իրենց կեանքը կորսնցուցած հայերուն համար ներողութիւն պէտք է խնդրուի, բայց բացի ատկէ՝ որեւէ այլ քայլ պէտք չէ առնուի։
– 1915ին իրենց կեանքը կորսնցուցած հայերուն համար ցաւ պէտք է յայտնուի, սակայն ներողութիւն պէտք չէ խնդրուի։
– Պէտք է նկատի առնուի, որ 1915ին իրենց կեանքը կորսնցնողները միայն հայեր չեն եղած, այլ օսմանցի հայրենակիցներ եւս մահացած են, ուստի՝ անոնց համար ալ պէտք է ցաւ յայտնուի։
– Որեւէ քայլ պէտք չէ առնուի։
– Այս նիւթին շուրջ գաղափար չունինք, ուստի՝ պատասխան չունինք։
Ժողովուրդին 12 առ հարիւրը կողմնակից եղած է 23 Ապրիլ 2014ին, այդ ժամանակուան վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ կատարուած պաշտօնական յայտարարութեան։ Այսինքն՝ «դէպքեր»ուն համար ցաւ յայտնուի, սակայն ներողութիւն չխնդրուի։
Հարցախոյզի մասնակիցներուն 24 առ հարիւրը ըսած է, որ 1915ին միայն հայեր չեն որ իրենց կեանքը կորսնցուցին, ուստի՝ բոլոր կորուստներուն համար ցաւ պէտք է յայտնել։
Մասնակիցներուն 9 առ հարիւրը միայն կողմնակից եղած է Ցեղասպանութեան ճանաչման, իսկ 9 առ հարիւրնոց այլ խմբակ մը նախընտրած է առանց պնդումները ընդունելու՝ ներողութիւն խնդրելու քայլը միայն։
21 առ հարիւրը պաշտպանած է այն տեսակէտը, որ Հայկական Ցեղասպանութեան գծով Թուրքիա պէտք չէ որեւէ քայլ առնէ։
Ուշագրաւ է նաեւ այն իրողութիւնը, որ հարցախոյզի մասնակից անձերուն 25 առ հարիւրը նախընտրած է լուռ մնալ՝ ընտրելով վերջին հաստատումը։ Կեդրոնին կողմէ նախապէս կատարուած հարցախոյզի մը համաձայն՝ այս նիւթին շուրջ լռութիւն նախընտրող անձերու համեմատութիւնը 10 առ հարիւր էր, մինչդեռ այսօր այդ համեմատութեան թիւը բարձրացած է 25 առ հարիւրի, ինչ որ այս նիւթին շուրջ հանրային կարծիքի զգայնութիւնը ցոյց կու տայ։ Նաեւ, նախապէս հայ ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրելու կողմնակից եղած էր 9 տոկոսը։
Յատկանշական է, որ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան կողմնակիցներուն մօտ, հայ ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրելու գաղափարին համամիտ եղած է 40 առ հարիւրը։