«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի Յայտարարութիւնը


«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ արեւմտահայերէնի պահպանութեան եւ զարգացման առնչութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու համար Յատուկ նշանակութեան յանձնախումբի առաջին աշխատանքային երկօրեայ ժողովը գումարուեցաւ Ուրբաթ եւ Շաբաթ, 28 եւ 29 Նոյեմբեր 2014ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ:
Ժողովին ներկայ էին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Արեւմտահայերէնի տարածման ծրագիրներու աւագ վարիչ Անի Կարմիրեան, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, յանձնախումբի խորհրդատուներ Յարութիւն Քիւրքճեան, դոկտ. Անահիտ Տօնապետեան եւ անդամներ Արա Վասիլեան, դոկտ. Թամար Գապագեան-Հաշէօլեան, դոկտ. Յակոբ Եագուպեան, Շաղիկ Խիւտաւերտեան, Վարդուկ Պալըքճեան, Կրեկուար Գալուստ եւ դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:
Քննարկուեցան յանձնախումբին կազմակերպական երեսակները, յառաջիկայ տարուան գործունէութեան աշխատանքային ծրագիրը եւ համապատասխան ժամկէտները: Ժողովի աշխատանքները ընդգրկեցին լիբանանահայ վարժարաններուն ինքնարժեւորումի եւ առաւել բարելաւման գործընթացը եւ անկէ բխող յառաջիկային որդեգրուելիք ծրագիրները, յատկապէս լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ արեւմտահայերէնի զարգացման վերաբերող նախաձեռնութիւնները: Մշակուեցան նաեւ գործնական քայլեր՝ յօգուտ վերոնշեալ առաջադրանքներու գործադրման:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի լիբանանահայ վարժարաններուն ուղղուած աջակցութիւնը պիտի շարունակուի, հիմնուելով վերոյիշեալ աշխատանքային ծիրին վրայ:

«ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ
ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՅԱՏՈՒԿ
ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.