«Մանկական Եւրատեսիլ-2014» Մրցումին Հայաստան Գրաւեց Երրորդ Դիրքը


15 Նոյեմբերին Մալթայի մէջ տեղի ունեցած «Մանկական Եւրատեսիլ-2014» երաժշտական մրցումին Հայաստանի ներկայացուցիչ Պեթթին տպաւորիչ եւ խանդավառ կերպով մեկնաբանելով «Արեւի մարդիկ» երգը՝ գրաւեց երրորդ դիրքը։
Առաջին հանդիսացաւ Իտալիան՝ 159 կէտով, իսկ երկրորդ՝ Պուլկարիան՝ 147 կէտով (Հայաստանէն միայն մէկ կէտ աւելի)։
Հակառակ անհանգիստ ըլլալուն, 39 աստիճան ջերմութեան՝ Պեթթին շատ լաւ կերպով ներկայացուց իր երգը՝ տարբեր երկիրներէ ստանալով 146 կէտ։ Ան 12 կէտ ստացաւ Պելոռուսէն, Պուլկարիայէն, Վրաստանէն, Ուքրանիայէն, Ռուսիայէն, Մալթայէն, 10 կէտ՝ Հոլանտայէն, 8 կէտ՝ Շուէտէն եւ Սլովենիայէն, 7 կէտ՝ Սան Մարինոյէն, 6 կէտ՝ Խրուաթիայէն, Կիպրոսէն եւ Սերպիայէն, իսկ երկուքական կէտ՝ Մոնթենեկրոյէն եւ Իտալիայէն։
«Արեւի մարդիկ» («Փիփըլ աֆ տը սան») երգի պատրաստութեան ընթացքին Պեթթիին օգնած է երգահան Մանէ Յակոբեանը, իսկ խօսքերուն հեղինակն է Աւետ Բարսեղեանը, գործիքաւորումը կատարած է Մարտին Միրզոյեանը։
«Արեւի մարդիկ» երգը ունկնդրելու համար կարելի է այցելել հետեւեալ կայքը. http://www.youtube.com/watch?v=u8kcYNMm6W4


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.