Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդն Ու Հայաստանաբնակ Սուրիահայերը Աղօթեցին Սուրիահայութեան Համար


Ուրբաթ, 14 Նոյեմբեր 2014ը իւրայատուկ օր էր հայաստանաբնակ սուրիահայերուն համար։ Անոնք երկար ընդմիջումէ ետք կրկին առիթը ունեցան լսելու Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի ոգեշնչող պատգամը։
Արդարեւ, կէսօրուան ժամը 12ին Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Շահան սրբազան հանդիպում ունեցաւ հայաստանաբնակ շուրջ 600 սուրիահայերու հետ։
Սրբազան հայրը, խօսելով սուրիահայութեան տագնապին ու Հայաստան հաստատուած սուրիահայութեան մասին՝ դիտել տուաւ, որ թէեւ անոնք դուրս եկան մայր գաղութէն, սակայն հաստատուեցան իրենց պապենական հողին վրայ՝ հայրենիքի մէջ, եւ յորդորեց ներշնչուիլ աստուածային յոյսով ու հաւատքով ու բարգաւաճիլ հայրենիքի մէջ։ «Մենք փախչող ժողովուրդ չենք, մենք հայրենադարձ ժողովուրդ ենք՝ մենք կը վերադառնանք մեր արմատներուն, եւ կ՛ուզեմ, որ մեր ոտքերը ամուր ըլլան այստեղ եւ արմատ նետեն մայր հայրենիքի մէջ», ըսաւ սրբազան հայրը։
Այնուհետեւ Շահան արք. Սարգիսեան անդրադարձաւ Սուրիա ապրող հայութեան դժուարութիւններուն, մաքառումներուն եւ նշեց, թէ, հակառակ տիրող ծանր պայմաններուն, սուրիահայութիւնը կը շարունակէ բաց պահել համայնքի գոյատեւման հիմնական երաշխիքները՝ դպրոցներն ու եկեղեցիները։ Ան շեշտեց, թէ սուրիահայութիւնը առանձին չէ, ան կը վայելէ համայն հայութեան զօրակցութիւնը, եւ շնորհիւ իր ներուժին ու համահայկական զօրակցութեան, պիտի շարունակէ իր գոյապայքարը։
Հուսկ ներկաները աղօթեցին Սուրիոյ խաղաղութեան եւ սուրիահայ իրենց հարազատներու ապահովութեան համար։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.