Վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի Փայլուն Խոստումները
\n
\n ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Մասնաւորաբար Թուրքիոյ քրտաբնակ հարաւարեւելեան նահանգներուն մէջ կրկին սաստկացած ահաբեկչական ամէն արարք անգամ մը եւս օրակարգի կը բերէ այն հարցումը, թէ ի՞նչ վիճակի մէջ է քրտական հարցի հաշտութեան գործընթացը։
\n Թէ՛ քրտական կողմը, թէ՛ կառավարութիւնը կը պնդեն, որ գործընթացը կը շարունակուի ու պիտի շարունակուի, թէեւ ցարդ զգալի յառաջդիմութիւն մը չի տեսնուիր։
\n Վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 30ին ըսաւ, որ կառավարութիւնը վճռական կերպով յառաջ պիտի տանի հաշտութեան գործընթացը՝ աւելցնելով, որ որեւէ մէկուն կամ կազմակերպութեան պիտի չարտօնուի վնաս հասցնել «մեր միասնութեան, եղբայրակցութեան եւ հանրային անդորրին»։ Ըստ անոր՝ կառավարութիւնը նոյն վճռականութեամբ պիտի շարունակէ հաշտութեան գործընթացն ու հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ վերականգնումի քայլերը։
\n Վարչապետ Տաւութօղլու, որ միշտ փայլուն խոստումներ ու վերլուծումներ ունի, նոր Թուրքիոյ ուղիներուն մասին ունեցած իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ, որ իր կառավարութիւնը քանդող պիտի չըլլայ, այլ պիտի ըլլայ շինարար։ «Հրկիզուած վայրերուն վրայ վարդ պիտի հասցնենք։ Այս երկրին մէջ թիզ մը հող կամ որեւէ անհատ անտէր չէ։ Նոր Թուրքիան հին Թուրքիոյ վերադարձնել ուզողները յուսախաբ պիտի ըլլան ու պիտի նետուին պատմութեան աղբանոցը», ըսաւ ան։
\n \n