Քոպանիի մէջ մարտնչող հայ ռազմիկը


Հանացանցի ֆէյսպուքի «Սուրիական Հանրապետութիւն» կայքէջը տարածած է այս լուսանկարը, որուն իբր բացատրութիւն կը նշուի, թէ լուսանկարին մէջ ձախէն երկրորդ զէնք կրող տարեց զինեալը՝ Քոպանիի բնակիչ 80-ամեայ հայ մըն է։

Նշենք, որ յետ եղեռնեան ժամանակաշրջանին Քոպանին, կամ Արաբ Բունարը եղած է հայաշատ համայնք, որ ունեցած է եկեղեցի եւ երկու նախակրթարան դպրոց։ 20-րդ դարու վերջին տասնամեակներուն, հայ համայնքի մեծամասնութիւնը հեռացած է քաղաքէն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.