«Միացեալ Նահանգներ Լաւատեղեակ Է Սուրիոյ Հայերուն Եւ Միւս Քրիստոնեաներուն Խնդիրներէն». Հեֆըրն
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ուաշինկթըն շատ լաւատեղեակ է Սուրիոյ մէջ բնակող հայերու եւ միւս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու հիմնախնդիրներէն։ 11 Սեպտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Հեֆըրն։
Լրագրողները՝ անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու նախագահին 10 Սեպտեմբերի յայտարարութեան, որուն համաձայն, Նահանգները պատրաստ է հարուածներ հասցնելու «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորումը ինչպէս Իրաքի, այնպէս ալ Սուրիոյմէջ՝ հարցուցած են, որ հաւանակա՞ն է, որ ահաբեկիչներուն ուղղուած հարուածներուն իբրեւ հետեւանք Սուրիոյ հայերու արտագաղթի նոր ալիք ընթացք առնէ:
«Կրնամ ըսել, որ այս հարցը քննարկած ենք Հայաստանի կառավարութեան հետ: Ուաշինկթըն քաջատեղեակ է Սուրիոյ հայ եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութեան ներկայութենէն եւ անոնց դիմագրաւած խնդիրներէն», ըսած է դեսպանը:
Միեւնոյն ժամանակ դեսպանը աւելցուցած է, որ աւելին չի կրնար ըսել, քանի որ պատասխանատու է Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններուն եւ չի կրնար մեկնաբանել այլ տարածաշրջաններուն եւ երկիրներուն վերաբերող հարցերը: