Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի յայտարարութիւնը


 

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՈՒ ԱՐԴԱՐ ՔԱՅԼ ՄԸ

Երեքշաբթի 9 Սեպտեմբեր 2014ին Յունաստանի խորհրդարանի կողմէ ցեղասպանութեան ուրացման դէմ կայացած վճիռը՝ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող պատմական ու արդար քայլ մըն է հայ ժողովուրդին հանդէպ։
Հելլէն խորհրդարանի խտրականութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ օրէնքին մէջ տեղ գտած՝ հաւաքական վիրաւորանքի մասին 2րդ յօդուածը՝ զօրաւոր երաշխիք մըն է ցեղասպանութեան ժխտման պատժելիութեան համար:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէն կ’ողջունէ քուէարկութեան արդիւնքը, շեշտելով թէ պատմութիւնը խեղաթիւրելու փորձերը ձախողութեան կը մատնուին նման յանդուգն որոշումներով, որ ընկերութիւններն ու ազգերը կը պաշտպանեն ժխտողականութեան երեւոյթներուն դէմ։
Օրէնքը կը համապատասխանէ Յունաստանի հանրապետութեան արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն, որ հայութեան բարեկամ երկիր հանդիսացած է միշտ, իր նեցուկն ու զօրակցութիւնը ցուցաբերելով Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ գաղթականներուն, ապա 1996ին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումը ընդունելով։
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի երկար տարիներու աշխատանքին ու կառուցողական նախաձեռնութիւններու արգասիքը կը կազմեն այս յաջողութիւնները, որ աւելիով ուժ կուտան ազգային մեր նպատակներուն։
Խորհրդարանի վճիռը հայ ժողովուրդի ոգին կ’ամրապնդէ եւ կարեւոր յաղթանակ կը հանդիսանայ համայն հայութեան ու Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ։

Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.